Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Թոյլ Չէ Տուած որ Ալիեւ Հրաւիրուի ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովին. «Քոմերսանթ»

Հայաստան Թոյլ Չէ Տուած որ Ալիեւ Հրաւիրուի ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովին. «Քոմերսանթ»

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ քննարկուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հիւրի կարգավիճակով Ասթանայի գագաթնաժողովին հրաւիրելու տարբերակը: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը՝ վկայակոչելով գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցող երկու աղբիւր: Ըստ թերթի զրուցակիցներուն՝ նման առաջարկ եղած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի կողմէն, եւ այն հաւանութեան արժանացած է միւս առաջնորդներուն կողմէ:

Աղբիւրները նշած են, որ Ալիեւը պատրաստ էր ներկայ գտնուելու միջոցառման, սակայն այդ գաղափարին դէմ արտայայտուած է հայկական կողմը: «Դաշինքի մէջ չմտնող պետութիւններու ղեկավարները կրնան մասնակցութիւն ունենալ ՀԱՊԿ միջոցառումներուն, եթէ անոր համաձայնութիւն տան կազմակերպութեան բոլոր անդամները»,- մեկնաբանած է անդամ-երկիրներու պատուիրակութիւններէն մէկուն «Քոմերսանթի» աղբիւրը: Տուեալ պարագային, անոր խօսքով,  համաձայնութիւն չէ եղած: Ալիեւի՝ Ասթանա հրաւիրուելու մասին տեղեկատուութիւնը մեկնաբանելուն ի պատասխան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան ըսած է. «Մենք նման տեղեկատուութիւն չունենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment