«Զուարթնոց» օդակայան, 10 հոկտեմբերին, ժամանած է աւստրալահայ Արա Աղաճանեանի եւ Մարինա Օգանէսեանի ընտանիքը, իրենց երկու երեխաներուն հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, սփիւռքահայ ընտանիքը որոշած է գալ Հայաստան` երկրի մէջ հաստատուելու նպատակով: Անոնք արդէն տուն գնած են Երեւանի մէջ, իսկ 13 տարեկան Գայիանէն եւ 10 տարեկան Արսէնը պիտի սորվին «Այբ» դպրոցին մէջ:
«Շատ ուրախ ենք, երկար ժամանակ է կը սպասէինք այս օրուան: Մենք երկար ժամանակ կը մտածէինք գալ Հայաստան եւ, հնարաւոր է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը վերջին կէտն էր մտածելու` ալ ինչի կը սպասէինք»,- ըսած է Արա Աղաճանեանը:
Հարցին` կան արդեօք մտավախութիւններ, որ Հայաստանի մէջ կրնան դժուարութիւններու հանդիպիլ, Մարինա Օգանէսեանը պատասխանած է, որ կան, իհարկէ, մտավախութիւններ, սակայն յոյս ունին, որ կը կարողանան յաղթահարել:
«Վերջին փոփոխութիւններէն ետք կը մտածենք, որ պիտի կարենանք աւելի հեշտ հաստատուիլ եւ յոյս ունինք, որ երեխաները իրենց ապագան այստեղ կրնան տեսնել», նշած է Մարինա Օգանէսեանը: Անոր խօսքով` Աւստրալիոյ մէջ կան ընտանիքներ, որոնք կը հետեւին իրենց, եւ եթէ իրենք կարենան յաջողութիւն ունենալ, անոնք նոյնպէս պիտի գան:
Խօսելով ապագայ ծրագիրներուն մասին՝ Աղաճանեանն ըսած է, որ մտածէ գործ սկսիլ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու ոլորտին մէջ:
«Առաջին քանի մը շաբաթը պիտի լուծենք երեխաներուն դպրոց տեղաւորելու խնդիրը, եւ անկէ ետք տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու ոլորտին մէջ պիտի փորձենք իրականացնել մեր ծրագիրները»,- ըսած է Աղաճանեանը:
Աղաճանեանը կը ցանկայ, որ իր երեխաները մեծնան Հայաստանի մէջ, որովհետեւ կը կարծէ, որ այստեղ աւելի ապահով է: