Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 1915-ին Հայերուն Հետ Տեղի Ունեցած Ողբերգութիւնը Կրնայ Կրկնուիլ Աֆրինի Մէջ. Կարօ Փայլան

1915-ին Հայերուն Հետ Տեղի Ունեցած Ողբերգութիւնը Կրնայ Կրկնուիլ Աֆրինի Մէջ. Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ Ժողովրդա-Դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցազրոյց տուած է France 24 ֆրանսական հեռուստաալիքին, ուր պատմած է Աֆրինի գործողութիւններով պայմանաւորուած իր մտավախութիւններուն մասին:

«Քիւրտերը այժմ նոյն պահանջները ունին, ինչ ունէին հայերը 1915 թուականին: Այդ իսկ պատճառով ես՝ որպէս հայ, մտավախութիւն ունիմ, որ կրնայ նոյնը կրկնուիլ, ինչ 100 տարի առաջ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին հետ», – Rusarminfo-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Փայլան:

Հայազգի պատգամաւորը ընդգծած է, որ միակ ելքը ստեղծուած դրութենէն հանրութեան շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան թեման բարձրացնելն է եւ քիւրտերու խնդիրը քննարկելը, ինչը Թուրքիոյ մէջ օրէնքով արգիլուած է:

«Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութիւն չկայ: Այնտեղ ան որ ճշմարտութիւնը կ’ըսէ կամ Էրտողանը կը քննադատէ, իրենց դաւաճան կը յայտարարեն»,- ըսած է Փայլան:

Փայլանի այս խօսքերը մեծ իրարանցում առաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ, երկրի իշխանամէտ մամուլը անոր մեղադրած է կողմնակալութեան, սուտ տեղեկութիւններ տարածելու եւ Թուրքիոյ դէմ ատելութիւն սերմանելու համար:

Թրքական Ensonhaber.com կայքն ալ սուտ որակած է աւելի վաղ Աֆրինի մէջ հայազգի երիտասարդի մահուան մասին լուրը ու լուրի տարածման համար մեղադրած է  Փայլանի կուսակցութեան:

Թրքական Star պարբերականն ալ, իր հերթին, «Հայազգի Փայլանը Ֆրանսայի մէջ ատելութիւն կը փսխէ Թուրքիոյ վրայ» վերնագրով յօդուածին մէջ գրած է, որ ընդդիմադիր պատգամաւորը «կը շարունակէ ցեղասպանութեան մասին 100-ամեայ սուտը»:

Բացի այդ, թրքական մամուլը պնդած է, որ Փայլանը կողմնակալութիւն կը դրսեւորէ ու կը լռէ քիւրտ զինեալներու կողմէ թիրախաւորուող խաղաղ բնակիչներու մահերու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment