Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութիւն-Հայաստան Յարաբերութիւններու Սերտացումը Կախուած Պիտի Ըլլայ «Բարեփոխումներու Ընթացքէն եւ Որակէն»

Եւրոմիութիւն-Հայաստան Յարաբերութիւններու Սերտացումը Կախուած Պիտի Ըլլայ «Բարեփոխումներու Ընթացքէն եւ Որակէն»

by MassisPost

Եւրոպական ընտանիքի անդամ 28 պետութիւնները ողջունած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան նոր համաձայնագիրը, միաժամանակ ընդգծելով, որ յարաբերութիւններու յետագայ սերտացումը կախուած է կայուն բարեփոխումներու ընթացքէն:

«Ազատութիւն» ռադիօկայանի Պրիւքսէլ աշխատող թղթակիցը ձեռք բերած է համատեղ յայտարարութեան այն նախագիծը, որ Եւրոմիութեան անդամներն ու Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները կը պատրաստուին ընդունիլ Նոյեմբերին կայանալիք գագաթնաժողովի ժամանակ, եւ ճիշդ այդ հաւաքի ժամանակ ալ, կ’ակնկալուի, որ պիտի ստորագրուի Հայաստանի հետ Եւրոմիութեան նոր համաձայնագիրը:

Յայտարարութեան նախագիծով Պրիւքսէլ վերստին աջակցութիւն յայտնած է նախկին Խորհրդային Միութեան վեց պետութիւններուն, այդ թուին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման, շեշտելով. – «Յետագայ համագործակցութեան շրջանակը եւ խորութիւնը որոշած ժամանակ հաշուի պիտի առնուին ոչ միայն երկկողմ կարիքներն ու հաւակնութիւնները, այլեւ՝ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքն ու որակը»:

Պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակելու նիւթական աջակցութիւնը գործընկեր երկիրներուն, նախագիծը կը շեշտէ, որ օգնութեան չափը կախուած պիտի ըլլայ յստակ բարեփոխումներէ.  աւելի շատ պիտի ստանան այն երկիրները, որոնք աւելի արդիւնաւէտ քայլեր պիտի ձեռնարկեն ժողովրդավարութիւն, օրէնքի գերիշխանութիւն եւ ազատ շուկայական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ:

Առանց որեւէ պետութիւն մատնանշելու, փաստաթուղթի նախագիծը նաեւ կը շեշտէ, որ Արեւելեան գործընկերութիւնը չի միտիր որեւէ երրորդ երկրի դէմ, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ, որ որեւէ երկիր իրաւունք ունի ինքնուրոյն կերպով որոշելու, թէ ինչպէս կը ցանկայ շարունակել յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ:

Ի տարբերութիւն երկու տարի առաջ Ռիկայի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութեան, այս տարուայ նախագիծին մէջ բաւական ընդհանուր են ձեւակերպումները տարածաշրջանի հակամարտութիւններուն վերաբերեալ: Հասցէական չառանձնացնելով որեւէ տարածքային վէճ, նախագիծը կոչ կ’ուղղէ աշխուժացնել ջանքերը խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ նորմերու հիման վրայ: «Հակամարտութիւններու կարգաւորումը, վստահութեան կառուցումը եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները առանցքային նշանակութիւն ունին տնտեսական ու հասարակական զարգացման համար», – նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Նախագիծի բնագիրն արդէն համաձայնեցուած է Եւրոմիութեան անդամներուն միջեւ եւ այժմ ուղարկուած է Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներ: «Փաստաթուղթը մինչեւ նոյեմբերեան գագաթնաժողովը կրնայ եւ խմբագրուիլ, սակայն լուրջ փոփոխութիւններ չեն ակնկալուիր», – հաղորդած է «Ազատութեան» Պրիւքսէլ աշխատող թղթակից Ռիքարտ Եոզվիաք, շեշտելով. – «Եւրոմիութեան անդամ 28 երկիրները հազիւ թէ ետ կանգնին ձեւակերպումներէն, որոնց շուրջ համաձայնութեան գալը աւելի քան երեք ամիս ժամանակ պահանջած է»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը,  նախաստորագրուած է այս տարուայ Մարտի վերջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment