Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «CNN»-ի Լրագրող Էնթընի Պուրտըն Պիտի Յայտնուի Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակին» Վրայ

«CNN»-ի Լրագրող Էնթընի Պուրտըն Պիտի Յայտնուի Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակին» Վրայ

by MassisPost

«CNN» հեռուստաընկերութեան ամենաբարձր վարկանիշն ունեցող հեռուստահաղորդումներէն մէկուն հեղինակն ու վարողը՝ Էնթընի Պուրտըն պիտի ընդգրկուի Ատրպէյճանի անցանկալի անձերու ցուցակին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղ այցելելուն համար: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմէթ Հաճիեւ, կը փոխանցեն տեղական լրատուամիջոցները:

Անցեալ շաբաթ ամերիկացի յայտնի խոհարար, հեռուստալրագրող Էնթընի Պուրտըն այցելած էր Հայաստան, ապա Լեռնային Ղարաբաղ, «Էնթընի Պուրտըն՝ անծանօթ վայրեր» հեռուստահաղորդման հերթական հաղորդումը նկարահանելու նպատակով:

Այս Ճամփորդութիւնը «հրաշալի» որակելով, Պուրտըն  իր թուիթըրեան էջին վրայ շնորհակալութիւն յայտնած է, մասնաւորապէս, ամերիկահայ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանկեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment