Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Մօտ Գայթակղեցուցիչ Միջադէպի Յարուցած Լարուածութիւնը չէ Թուլացած

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Մօտ Գայթակղեցուցիչ Միջադէպի Յարուցած Լարուածութիւնը չէ Թուլացած

by MassisPost

Անցած շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած գայթակղային  ծեծկռտուքէն ետք կը շարունակուին թուրք-ամերիկեան փոխադարձ մեղադրանքներն ու լարուածութիւնը:

Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պաասը նախօրէին կանչուած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւն անցած շաբաթ նախագահ Թայիփ Էրտողանի` Ուաշինկթըն կատարած այցի ժամանակ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպի կապակցութեամբ:

Թուրքիոյ ԱԳՆ պաշտօնական կայքի հրապարակման համաձայն, թրքական արտաքին գերատեսչութիւնը գրաւոր եւ բանաւոր դժգոհութիւն յայտնած է դեսպան Պաասին «ԱՄՆ անվտանգութեան ծառայութեան անձնակազմի կողմէ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի թիկնապահներու նկատմամբ դրսեւորած դիւանագիտական կանոններուն հակասող, թշնամական պահուածքին վերաբերեալ»:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն դեսպանին պահանջ ներկայացուցած է հետաքննել տեղի ունեցածը եւ հանդէս գալ համապատասխան յայտարարութեամբ:

«Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան նախագահ Տեւլէթ Պահչելին իր հերթին աջակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի՝ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պաասին ներկայացուած բողոքին` յայտարարելով, թէ սա թրքական պետութեան պատուի հարցն է:

Անցած շաբաթ նախագահ Էրտողանի ԱՄՆ այցելութեան ժամանակ Ամերիկայի հայկական, քրտական, յունական եւ ասորական համայնքներու ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ: Էրտողանի աջակիցները, այդ շարքին, ըստ ամերիկեան մամուլի, անոր թիկնազօրի անդամները յարձակած էին խաղաղ ցուցարարներուն վրայ եւ ծեծի ենթարկած անոնց: Բռնութիւններու հետեւանքով 11 մարդ տուժած էր, երկու հոգի ձերբակալուած էր իրավախախտումներ թոյլ տալու մեղադրանքով:

Թրքական ԱԳՆ-ի պնդմամբ` միջադէպը տեղի ունեցած է ամերիկեան համապատասխան մարմիններու կողմէ անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ միջոցներ չձեռնարկելու հետեւանքով: Մինչդեռ ամերիկեան մամուլը կը գրէ, թէ Էրտողանի թիկնապահները յարձակած են ցուցարարներուն վրայ:

Միջադէպէն ետք ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնը իր խիստ մտահոգութիւնը փոխանցած էր Թուրքիոյ կառավարութեան, իսկ ԱՄՆ ծերակուտականի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար, հանրապետական ՄըքՔէյնը նոյնիսկ կոչ ըրած էր ետ ուղարկել Թուրքիոյ դեսպանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment