Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս. Հացպանեան.- «Վեհափառի Յորդորը՝ Ուղղուած Արամ Աթէշեանին իր Դրական Նպաստը Պիտի Բերէ»

Ս. Հացպանեան.- «Վեհափառի Յորդորը՝ Ուղղուած Արամ Աթէշեանին իր Դրական Նպաստը Պիտի Բերէ»

by MassisPost

Մայիսի 16-18 Մոսկուայի մէջ կայացած գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի ժամանակ վեհափառի յորդորը՝ ուղղուած Արամ Աթէշեանին իր դրական նպաստը պիտի բերէ, Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան. լրագրողներու հետ հանդիպման այս ենթադրութիւնը յայտնած է տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ-վերլուծաբան Սարգիս Հացպանեանը:

«Արդէն երկրորդ տարին է, որ Պոլսոյ պատրիարքարանում եղած խնդիրները խաղաղ ճանապարհով չեն կարողանում լուծել»,- յիշատակած է ան՝ նշելով, որ Արամ Աթէշեանը երկու ոտքը դրել էր մէկ կոշիկի մէջ ու չգիտես ինչու չէր ցանկանում իր տեղը զիջել, եւ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի հանգստեան գնալուց յետոյ մինչ այսօր պատրիարքական ընտրութիւններ համայնքը չի կարողանում անցկացնել:

Սարգիս Հացպանեանը յիշեցրեց, որ ամիսներ առաջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իրավիճակը շտկելու համար իր մօտ հրաւիրած էր Արամ Աթէշեանին, Գարեգին Պէքճեանին եւ Սահակ Մաշալեանին: Հանդիպման արդիւնքով որոշուած էր, որ տեղապահ պէտք է ընտրուի՝ պատրիարքական ընտրութիւններուն ընթացք տալու համար: Որոշուած էր, որ տեղապահի ընտրութիւններէն յետոյ փոխանորդը պէտք է հրաժարական տայ: Սակայն, ինչպէս նկատած է Սարգիս Հացպանեանը, հակառակ որ տեղապահ ընտրուած է Գարեգին Պէքճեանը, եւ ընտրութիւնները ճանչցուեցան վեհափառի կողմէ, Աթէշեան իր աթոռը չզիջեց:

«Արամ Աթէշեանը  հերթական անգամ դէմ  գնաց Մայր աթոռի կայացրած որոշմանը»,-նշած է ան:

Անոր խօսքով՝ Արամ Աթէշեանը չի կրնար հաշտուիլ այն եղելութիւններու հետ, որ անոր համայնքը չընդունիր, տեղապահի ընտրութիւններուն աւելի քիչ ձայներ տուին,  համայնքը անոր պատարագները պոյքոթած է եւ այլն:

Միւս կողէն ալ, անոր խօսքով,  Պոլսոյ պատրիարքարանէն ներս տեղի ունեցածը Հայ առաքելական եկեղեցին, չհանդուրժեց: Սարգիս Հացպանեանը մատնանշեց, որ  վերջին հոգեւոր խորհուրդի ժողովին յստակ որոշում կայացուած էր Արամ Աթէշեանի հետ կապուած, որ ան պէտք  է եկեղեցւոյ կանոններուն հետեւի, խաղաղ ճանապարհով զիջի իր տեղը:

Սարգիս Հացպանեանին միայն զարմացուցած է ժողովի որոշման ձեւը,  այն  յորդոր էր կաթողիկոսի կողմէ ուղղուած Արամ Աթէշեանին, այնինչ ինքը կը սպասէր առաւել  խիստ ձեւակերպումներու:

Հացպանեանի ներկայացմամբ՝ ինքը խօսած է Պոլսոյ իր ծանօթներուն հետ, իմացած, որ  Արամ Աթէշեանի համար վեհափառի յորդորը նշանակութիւն պիտի ունենայ, ան ընդառաջ պիտի երթայ յորդորին, իբրեւ տեղապահ շուտով պիտի ճանչնայ Գարեգին Պէքճեանին, եւ ընտրութիւնները պիտի կազմակերպուին յառաջիկայ տասը օրերուն:

Սարգիս Հացպանեանը բացառած է, որ Թուրքիան միջամտէ Պոլսոյ պատրիարքարանի ընտրութիւններուն, աւելին, ըստ անոր, թրքական իշխանութիւնը կ’աջակցի անոր իրականացման: Իսկ Աթէշեանը, ընտրութիւններու արդիւնքով, եթէ առաջադրուի, ըստ անոր, մէկ ձայն նոյնիսկ չի ստանար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment