Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պունտեսթակի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Որոշումը Ճիշդ էր. Պրանտընպըրկ Երկրամասի Նախարար

Պունտեսթակի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Որոշումը Ճիշդ էր. Պրանտընպըրկ Երկրամասի Նախարար

by MassisPost

Պունտեսթակի որոշումը ճիշդ էր, եւ յայտնի բանաձեւին մէջ Ցեղասպանութիւն բառը նշուած է` անկախ անկէ, թէ այս հարցին մէջ ինչ դիրքորոշում ունի Թուրքիան:

Այս մասին այսօր՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ հայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Գերմանիոյ Պրանտընպըրկ երկրամասի գիտութեան, հետազօտութեան եւ մշակոյթի նախարար, դոկտոր Մարթինա Միւնխը, որու գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանումէն ժամեր անց այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ապա Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ։

Յիշեցնենք, Գերմանիոյ Պունտեսթակը 2016 թուականի 2 յունիսին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Պունտեսթակի բանաձեւին մէջ նշուած է. «101 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ու միւս քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան յիշատակին.

Պունտեսթակը կը խոնարհի 101 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հարկադիր տեղահանութեան եւ ջարդերու ենթարկուած հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու առջեւ:

Խորհրդարանը  կը դատապարտէ երիտթուրքական կառավարութեան արարքը, որ յանգեցուցած է Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին հայերու գրեթէ ամբողջական բնաջնջման: Բացի այդ, ջարդերուն զոհ գացին այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ասորիներ, խալդեր:

Երիտթուրքական կառավարութեան հրամանով 24 ապրիլ 1915-ին օսմանեան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սկսան աւելի քան 1 միլիոն հայերու ծրագրաւորուած աքսորն ու ջարդերը: Անոնց ճակատագիրը զանգուածային բնաջնջումներու, էթնիկ զտումներու, վտարումներու եւ, այո, ցեղասպանութիւններու օրինակ է, որոնցով այդպէս սարսափելիօրէն նշանաւորուեցաւ 20-րդ դարը: Անոր հետ մէկտեղ մենք կը գիտակցինք Հոլոքոսթի առանձնայատկութիւնը, որու համար Գերմանիան իր մեղքն ու պատասխանատուութիւնը կը կրէ»։

«Իհարկէ կենսական նշանակութիւն ունի պատմութեան հետ առերեսումը, վերաիմաստաւորումը, որ փոխըմբռնման հիմք կրնայ հանդիսանալ թէ´ ներկայի եւ թէ´ ապագայի համար»,-ըսուած է բանաձեւին մէջ:

Պրանտըրպըրկ երկրամասի մշակոյթի նախարարը աւելցուցած է, որ Գերմանիոյ մէջ առաջիններէն մէկը Պրանտըրպըրկի մէջ սկսած են ուսուցանել Հայոց ցեղասպանութեան թեման, որով հիմա կը զբաղուի Փոթստամի մէջ գործող Լեփսիուսի հետազօտական կեդրոնը:

Նշենք, որ քառօրեայ այցի ընթացքին նախարարներ Մարթինա Միւնխի եւ Արմէն Ամիրեանի ներկայութեամբ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի բացուի «Պրուսական դղեակներն ու այգիները» լուսանկարչական ցուցահանդէսը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment