Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մայիսեան Տօներուն Առթիւ Հանդիսութիւններ Արցախի Մէջ

Մայիսեան Տօներուն Առթիւ Հանդիսութիւններ Արցախի Մէջ

by MassisPost

Մայիս 9-ին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցան  մայիսեան Եռատօնի` Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման, Շուշիի ազատագրման 25 ամեակի եւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի տօնակատարութիւնները:

Պաշտօնական այցով արդէն մի քանի օրէ Ստեփանակերտ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ ու նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի հետ ներկայ եղաւ  Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ ռազմաթեխնիկայի ու սպառազինութեան ցուցահանդէսին, նոր սպառազինութեան շարքին նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու ցուցադրութեան:

Նախագահները  բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ հիւրերու ուղեկցութեամբ այցելեցին  նաեւ Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին  Հայրենական մեծ պատերազմի ընթացքին զոհուածներու ու արցախեան ազատամարտի նահատակներու յիշատակին:

Արարողութենէն ետք, նախագահները` քաղաքական, ռազմական ու հոգեւոր դասի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ ուղեւորուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հինաւուրց մայրաքաղաք Շուշի, ծաղիկներ դնելով Թանկ-յուշարձանին, այնուհետեւ Վազգէն Սարգսեանի արձանի մօտ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ  անոր յիշատակին:

Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցներով պարբերաբար շարային քայլերթ  կը կատարէին զինուորական ստորաբաժանումները:  Ամէնուրէք փակցուած էին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դրօշներն ու շնորհաւորական պաստառները:

Տօնը ոչ միայն յոբելեանական էր, այլեւ բացառիկ էր իր մարդաշատութեամբ: Գրաւուած էին բոլոր հիւրանոցային համարները ու զբօսաշրջիկներէն շատեր չեն կրցած նոյնիսկ օրավարձով բնակարաններ գտնել:

Միջոցառումները եզրափակուեցան  երեկոյեան Ստեփանակերտի հրապարակի վրայ կազմակերպուած տօնական համերգով ու հրավառութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment