«Հայազն» կուսակցութեան ղեկավար Արմէն Մկրտչեանն ու քաղթեխնոլոկ Կարէն Քոչարեանը որոշած են զբաղուիլ շաքարաւազի, ալիւրի, ձէթի, հաւի պուտի եւ շարք մը այլ ապրանքատեսակներու ներկրմամբ: Այդ ապրանքատեսակներու շուկային մէջ մենաշնորհ ունին ԱԺ ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի հետ կապակցուող ընկերութիւնները:
Մինչ այժմ ոչ մէկը չէ կրցած այս շուկային մէջ մարտահրաւէր նետել Սամուէլ Ալեքսանեանին: Իսկ նման փորձ ընողներուն ալ կամ սպառնացած են, կամ պատժած, կամ ալ «գնած»:
«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արմէն Մկրտչեան ըսած է, որ արդէն միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ունին յստակ պայմանաւորուածութիւններ, հանդիպումները կայացած են, եւ յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին շաքարաւազի առաջին խմբաքանակը կը հասնի Հայաստան:
«Շաքարաւազի ներկրման ամբողջ պրոցէսը լինելու է հրապարակային, որեւէ թաքուն գործարք, հանդիպում, պայմանաւորուածութիւն չի լինելու, քանի որ մեր գերնպատակը մենաշնորհ կոչուած միֆը կոտրելն է: Մենք ցանկանում ենք ցոյց տալ, թէ ինչպէս կարելի է օրինական ճանապարհով, բոլոր հարկերը վճարելով շաքարաւազ ներկրել, եւ դրա արդիւնքում որքան կարժենայ այն շուկայում», ըսած է ան:
Արմէն Մկրտչեանը նաեւ ըսած է, որ իրենց հաշուարկներով՝ շաքարաւազը աւելի աժան պիտի ըլլայ:
Իր հերթին, Կարէն Քոչարեանը ըսած է, որ ներկայիս ընկերութիւն կը գրանցէ, որու միջոցաւ ալ պիտի ներկրէ հաւի պուտ, չի բացառեր նաեւ՝ ձէթ, ալիւր, կարագը:
Հետաքրքիր է, ինչ հակաքայլ պիտի ընէ Սամուէլ Ալեքսանեանը: Ժամանակին, օրինակ, ըստ մամուլի՝ ան ատրճանակ պահած էր ՏՄՊՊՀ նախագահի գլխուն, որ համարձակած էր հակամենաշնորհային որոշում ընդունիլ:
Սամուէլ Ալեքսանեանը Հայաստանի մէջ իշխող տնտեսա-քաղաքական համակարգի ամենախոշոր «տոնըրներէն» մէկն է, ստուերային պիւտճէի հիմքերէն մէկը: Այդ պիւտճէէն կը ֆինանսաւորուին իշխող համակարգի «միջոցառումները», մասնաւորապէս՝ ընտրութիւնները: