Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «Ատրպէյճանական» Կաշառակերութեան Գայթակղութիւն ԵՄ Նախագահող Մալթայի Մէջ

«Ատրպէյճանական» Կաշառակերութեան Գայթակղութիւն ԵՄ Նախագահող Մալթայի Մէջ

by MassisPost

Եւրոմիութեան նախագահող պետութեան` Մալթայի վարչապետ Ճոզէֆ Մուսքաթը արդէն մի քանի օր է, ինչ ստիպուած է բացատրութիւններ տալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի հետ սերտ կապերու առնչութեամբ:

Մալթացի հետաքննող լրագրողները Մուսքաթին եւ անոր մերձաւոր շրջապատը կը մեղադրեն Ալիեւներու ընտանիքի հետ տնտեսական ստուերային գործարքներ կնքելու եւ ատրպէյճանական իշխանութիւններէն տեսքով առնուազն մէկ միլիոն տոլար ստանալու մէջ:

Ապրիլի 20-ին սկիզբ առած կաշառակերութեան գայթակղութիւն ընդամէնը երկու շաբթուայ մէջ այնպիսի թափ հաւաքեց, որ առջի օր արդէն Մալթայի վարչապետը ստիպուած եղած էր յայտարարել երկրի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու որոշման մասին:

«Ես ձգձգման որեւէ պատճառ չեմ տեսներ: Եթէ ի վերջոյ պէտք է որոշում կայացնենք, եկէք հիմա ընենք: Ես դիմած եմ Մալթայի նախագահին խորհրդարանը ցրելու եւ 3 յունիսին համընդհանուր ընտրութիւններ նշանակելու առաջարկով», – երկուշաբթի օր, դիմելով Մալթայի մայրաքաղաք Վալեթայի կեդրոնէն ներս հաւաքուած իր կողմնակիցներուն, յայտարարած է Ճոզէֆ Մուսքաթը` աւելցնելով, որ իր անուան շուրջ ծագած գայթակղութիւնը չի ստիպեր իրեն հրաժարիլ վերընտրուելու մտադրութենէն:

Մալթայի պատմութեան մէջ թերեւս ամենաաղմկալի այս կաշառակերութեան գայթակղութիւնը ծագած է այն բանէն ետք, երբ հետաքննող լրագրող Տաֆնէ Քարուանա-Կալիզիան  շարք մը ֆինանսական փաստաթուղթերու պատճէններ հրապարակած է: Անոնց միջոցաւ պարզ դարձած էր, որ Իլհամ Ալիեւի դուստր Լէյլային պատկանող, Տուպայի մէջ գրանցուած ընկերութիւններէն մէկը 1 միլիոն տոլարի փոխանցում կատարած է Մալթայի վարչապետի տիկնոջ` Միշէլ Մուսքաթին պատկանող, Փանամայի մէջ գրանցուած  ընկերութեան:

Բացի այդ, հետաքննող լրագրողը պարզած է, որ Լէյլա Ալիեւան 2016-ի յունուարէն մինչեւ մարտը, շաբաթական երկու անգամ 100 հազարական տոլար փոխանցած է Մալթայի վարչապետի տիկնոջը պատկանող այդ ընկերութեան: Փոխանցումները իրականացած են Մալթայի մէջ գործող Pilatus դրամատան միջոցաւ, որու ամենահարուստ յաճախորդներ են Ատրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Քեմալետտին Հէյտարովը եւ Իլհամ Ալիեւի երկու զաւակները` Լէյլան եւ Հէյտարը:

Մալթայի հեռուստաընկերութիւններէն մէկուն տեղեկութիւններով, փաստաթուղթերու հրապարակումէն քանի մը ժամ անց գայթակղութեան կիզակէտ յայտնուած դրամատան մէջ ամբողջ գիշերը կասկածելի աշխոյժութիւն նկատուած է: Մալթացի լրագրողները յաջողած էին նկարահանել, թէ ինչպէս դրամատան կառավարիչն ու աշխատակիցներէն մէկը լուսադէմին շէնքի ետեւի մուտքէն երկու մեծ ճամպրուկ դուրս բերած են:

«Հետաքրքիր զուգադիպութեամբ այդ նոյն գիշեր Bombardier Challenger 850 մակնիշի մասնաւոր օդանաւ մը Մալթայէն ուղեւորուած է Պաքու` վերալիցքաւորուելով Թուրքիոյ կամ Յունաստանի մէջ: Օդանաւին մէջ որեւէ ուղեւոր չէ եղած, միայն անձնակազմը», – պնդած է Malta Today պարբերականը:

Մալթացի ընդդիմադիրները կ’ենթադրեն, որ վարչապետ Մուսքաթն ու անոր շրջապատը ատրպէյճանական իշխանութիւններէն նման պատկառելի գումարներ կը ստանան՝ որպէս երախտագիտութիւն 2014-ի դեկտեմբերին Պաքու կատարած այցի ընթացքին կնքուած պայմանագրերու դիմաց: Անոնց համաձայն, Մալթան կը պարտաւորուի 18 տարի ժամկէտով կազ գնել բացառապէս Ատրպէյճանէն, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական ընկերութիւնները ներգրաւել երկրի խոշորագոյն ելեկտրակայանի շինարարութեան գործին մէջ:

Մալթայի մէջ լոյս տեսնող «Independent» պարբերականը կը պնդէ, որ Պաքու կատարած այս այցը դեռ 2014-ին լուրջ կասկածներ յարուցած էր, քանի որ անոր ընթացքին երկրի վարչապետին որեւէ լրագրող չէր ուղեկցած: Իսկ 2015 թուականին Մալթայի գլխաւոր հաշուեքննիչը, ուսումնասիրելով Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան` SOCAR-ի հետ կնքուած գործարքը, պնդած էր, որ անոր հետեւանքով Մալթայի պետական պիւտճէն առնուազն 14 միլիոն ամերիկեան տոլար կորսնցուցած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment