Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Լարք Երաժշտանոցը Ոգեկոչեց Պարոյր Սեւակի եւ Կոմիտասի Յիշատակը

Լարք Երաժշտանոցը Ոգեկոչեց Պարոյր Սեւակի եւ Կոմիտասի Յիշատակը

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարեդարձին առթիւ քաղաքական մեծ միջոցառումներու առընթեր տեղի ունեցան մշակութային ձեռնարկներ: Լարք Երաժշտանոցը եւս անմասն չի մնաց այս բոլորէն եւ գեղարուեստական բարձրորակ հանդիսութեամբ մը նշեց 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան տարելիցը, նուիրուած հանճարեղ  Կոմիտասին ու Պարոյր Սեւակին:

Արդարեւ, Ուրբաթ Ապրիլ 28, 2017, Կլենտէյլի Փրեսպիթըրիըն եկեղեցին փութացած էին բազմահարիւր հայորդիներ, յարգելու համար հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը ու գրական-գեղարուեստական համերգին միջոցով խոնարհելու անոնց տառապած հոգիներուն առջեւ:

Եկեղեցւոյ բեմին մօտ զետեղուած էր անմահն Կոմիտասի նկարը, որուն շուրջ պլպլացող մոմերը կարծես «Ի խորոց սրտի խօսք» էր Աստուծոյ ուղղուած արտացոլացնելով մեր նոր սերունդի սէրը, մորմոքն ու պահանջատիրութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագրի ղեկավար ծանօթ ասմունքող եւ Լարք Երաժշտանոցի փոխ տնօրէնուհի Թագուհի Արզումանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ պանծացուց յիշատակը մեր երաժշտութիւնը հարստացնող անմահն Կոմիտասին եւ հայ գրականութեան տիտաններուն որոնք զոհերն եղան Մեծ Եղեռնին:

Այնուհետեւ անմեղ հայ նահատակներն ու Կոմիտասը խորհրդանշող սպիտակազգեստ տասնեակ մը պարմաններ խորհրդաւոր կերպով բեմ բարձրանալով իւրաքանչիւրն առանձնաբար արտասանեցին հատուածներ հանճարեղ գրող Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» պոէմէն: Արդարեւ մեծ պատրաստութեամբ ներկայացուած այս պոէմի ասմունքով ներկաներն ապրեցան հայ ժողովուրդի արհաւիրքի օրերը: Իսկ Կոմիտասը` Պարոյր Սեւակի խօսքերով`

«Դու մեր հաստատ Մասիս սարը,
Վստահելի թիկունքն ես մեր,
Մեր երգերի Ծովասարը
Ու բիւրակնեան ակունքն ես մեր
Մեր արնոտած հաւքի լեզուն»:

Այնուհետեւ  յայտագրի երկրորդ մասով ներկաները վայելեցին Լարք Երաժշտանոցի տարբեր դասարաններու աշակերտներու որակաւոր համերգը: Բոլոր անհատ կատարումներն ալ առնուած էին անմահն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն (մեներգ, ջութակ, թաւ ջութակ եւ դաշնամուր):

Արդարեւ, աւելի քան երկու տասնեակ դեռատի կատարողներ իրենց ելոյթներուն համար ընտրած էին մի միայն Կոմիտասի գործերէն: Երեւոյթ մը որ իր տեսակին մէջ աննախընթաց է Լարքի պատմութեան մէջ:

Աւարտին ելոյթ ունեցան Լարքի «Ծիածան» մանկապատանեկան միացեալ երգչախումբը, ներկաներուն հրամցնելով Կոմիտասի գործերէն գողտրիկ ծաղկեփունջ մը, գեղարուեստական ղեկավար` Գայեանէ Մարտոյեան:

Կը շնորհաւորենք ծրագրի հեղինակ վաստակաշատ արուեստագիտուհի Թագուհի Արզումանեանն ու Լարքի հիմնադիր տնօրէն մաեսթրօ Վաչէ Պարսումեանը:

Յաւերժ փառք մեր ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն Կոմիտասին եւ Պարոյր Սեւակին:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment