Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House-ի Մամուլի Ազատութեան 2017-ի Զեկոյց. Հայաստանը` Վերստին «Ոչ Ազատ»

Freedom House-ի Մամուլի Ազատութեան 2017-ի Զեկոյց. Հայաստանը` Վերստին «Ոչ Ազատ»

by MassisPost

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «2017 թուականի մամուլի ազատութեան զեկոյցը», որու համաձայն՝ Հայաստանը 63 միաւորով աշխարհի մէջ կը զբաղեցնէ 137-րդ տեղը եւ կը մնայ «ոչ ազատ» երկիրներու ցանկին մէջ: Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը 4-րդ տեղն է:

Ապրիլ 27-ի առաւօտեան հրապարակուած այդ փաստաթուղթին մէջ կը յիշատակուին նաեւ կազմակերպութեան երկու այլ զեկոյցներու մէջ Հայաստանի ցուցանիշները:

Ըստ «2017 թուականի ազատութիւնը աշխարհի մէջ զեկոյցի»ն՝ Հայաստանը «մասամբ ազատ» է, իսկ «2017 թուականի համացանցի ազատութեան զեկոյցով» հռչակուած է «ազատ»:

Մամուլի ազատութեան առումով «մասամբ ազատ» են Խրուաթիան, Չերնոկորիան, Քոսովօն եւ նոյնիսկ Աֆղանիստանը, «մասամբ ազատ» է հարեւան Վրաստանը, որ 102-րդ տեղը գրաւած է:

«Ոչ ազատ» է հարեւան Թուրքիան, որ 163-րդն է, Իրանը եւ Ատրպէյճանը Հայաստանի համեմատութեամբ շատ աւելի անմխիթար վիճակի մէջ են եւ միասին գրաւած են 190-րդ տեղը, ընդ որում՝ այդ արդէն «վատթարագոյն երկիրներու» ցուցակն է, ուր կը գտնուին Իւզպէքիստանը, Քուպան, Հիւսիսային Քորէան, Հասարակածային Կինիեան, Էրիթրիան եւ Սուրիան: Հայաստանի հիմնական դաշնակից Ռուսաստանը 174-րդ տեղն է:Free-Press-Assault

Ամբողջ աշխարհի մէջ  մամուլի ազատութեան նահանջ կայ

Զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ աշխարհի մէջ մամուլը ազատ գործելու առումով ամենալուրջ նահանջը գրանցած է անցած 13 տարիներուն:

2016 թուականին տեղի ունեցած են աղաղակող յարձակումներ լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու վրայ ոչ միայն մենատիրական, այլեւ դեմոկրատական պետութիւններու մէջ:

«Քաղաքական առաջնորդները մեծ թիւով դեմոկրատական երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Լեհաստանի, Ֆիլիփինի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, սպառնալիքներ հնչեցուցած են անկախ մամուլի հասցէին եւ, փաստօրէն, մերժած ազատ հասարակարգի մէջ վերահսկող դեր կատարելու մամուլի առաքելութիւնը», – ըսած է Freedom House-ի մամուլի ազատութեան հարցերով բաժնի տնօրէն Ճենիֆըր Տանհամ:

«Երբ Միացեալ Նահանգներու պէս երկրի մէջ քաղաքական գործիչները գրոհի կ’ենթարկեն մամուլը, այդ մէկը մնացած պետութիւններուն կը դրդէ նոյնը ընել, լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու վրայ ԱՄՆ-ի մէջ սուր յարձակումները կը խարխլեն մեր դեմոկրատիայի հիմքերը եւ վնաս կը հասցնեն մամուլի ազատութեան օրինակ ծառայելու Ամերիկայի համբաւին»,- ըսած է Freedom House-ի նախագահ Մայքլ Ապրամովիցը:

Ամերիկան ցանկին մէջ 33-րդ տեղն է, իսկ մամուլի ազատութեան առումով աշխարհի մէջ  առաջատարներու տասնեակին մէջ աւանդաբար տեղաւորուած են եւրոպական զարգացած պետութիւնները՝ Նորվէկիան, Հոլանտան, Շուէտը, Պելճիքան, Դանիան, Իսլանդան, Լիխտենշտէյնը, Լիւքսեմպըրկը, Անտորրան եւ Ֆինլանտան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment