Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Երիտասարդական Հսկում Փասատինայի Եղեռնի Յուշարձանին Մօտ

Երիտասարդական Հսկում Փասատինայի Եղեռնի Յուշարձանին Մօտ

by MassisPost

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) եւ «Կայծ» Երիտասարդական Միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը այս տարի եւս նշեցին Փասատինայի նորակառոյց Նահատակաց յուշարձանին մօտ:

Կիրակի, 23 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ մեր անմահ նահատակներու յիշատակը յարգելու եկած էին ու «Մեմօրիալ» զբօսայգին փութացած էին Փասատինայի եւ շրջակայքի հայութեան ներկայացուցիչներ:

Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի եւ Կեդրոնական Վարչութեան ղեկավարներու եւ Փասատինա քաղաքի Քաղաքապետութեան անդամներ:

Նուէր Տօքթորեանի կողմէ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Տէյվիտ Մուղալեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ ոգեկոչեց մեր նահատակներու խնկելի յիշատակը:

«Կայծ» Երիտասարդական Միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Սագօ Գարաօղլանեանը: Ան բուռն կերպով դատապարտեց Օսմանեան կառավարութեան կողմէ իրականացուած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում պահանջեց իրաւատէր հայ ժողովուրդի արդար դատին համար:

Հայրենասիրական ինքնագիր բանաստեղծութիւն մը՝ A Sea of Souls in Unrest ասմունքեց օր. Ալիսօն Կաֆարին:

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի (ՀԱԽ) անունով ելոյթ ունեցաւ իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան: Ան հպանցիկ ակնարկով թուեց աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները եւ առանձնապէս ծանրացաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան վրայ: Ան միաժամանակ զարմանք եւ ցասում արտայայտեց ԱՄՆի ներկայ նախագահ Թրամփի մասին, որ անտարբեր կեցուածք ունի հայ ժողովուրդի արդար դատին հանդէպ եւ միւս կողմէ կը քաջալերէ Թուրքիոյ մէջ տիրող համատարած հակաժողովրդավարական իշխանութիւնները, որով տասնեակ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ եւ լրագրողներու  բանտերուն մէջ կը տառապին որպէս նոր զոհերը տիրող բռնակալ Էրտողանի եւ իր կուսակիցներուն:

Գ. Մոլոյեան պահանջեց նաեւ Արցախի ազատատենչ ժողովուրդի արդար  դատի անյապաղ կարգաւորումն ու անկախութեան ճանաչումը:

Օրուայ գլխաւոր բանախօսն էր Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Փեթոյեան: Ան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ ազգային պատկանելիութեան վրայ: Մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ վիճակուած ազգապահպանման կարեւոր առաքելութեան: Արդարեւ Աւարայրի ու Սարդարապատի հերոսամարտերուն մէջ մեծ եղած է հայ հոգեւորի դերը: Ան այսօր եւս նոյն այդ ծառայութեան ուղիին մէջ է, միշտ կողքին մնալով հայ ժողովուրդի գոյապայքարին ու արդար դատին:

Երեկոյի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբը մեծապէս տպաւորելով ներկաները ներդաշնակ եւ որակեալ յայտագրով, (գեղարուեստական ղեկավար Վարդուհի Մինասեանի):

Օրուան գլխաւոր երգիչի (Առնօ Մկրտչեանի բացակայութեան) հայրենասիրական երգերով («Ազգ Փառապանծ», «Հայորդիք» եւ «Հերոսների Կենացը») երգերով հանդէս եկաւ Յարութ Տէր Դաւիթեանը, մեծապէս ոգեւորելով հանդիսականները:

Աւարտին ներկաներն ուղղուեցան դէպի Նահատակաց յուշարձան եւ մեխակներ զետեղեցին պատուանդանին վրայ: Այնուհետեւ Տէր Սարգիսի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Հայր Մեր» խմբերգով վերջ գտաւ յիշատակի միջոցառումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment