Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱԽ-ի Անդամները Ներկայ Եղան Լոս Անճելըսի Քաղաքապետի Ընդունելութեան

ՀԱԽ-ի Անդամները Ներկայ Եղան Լոս Անճելըսի Քաղաքապետի Ընդունելութեան

by MassisPost

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25-ին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի թեկնածու Մոնիքա Ռոտրիկէզի ընտրական արշաւին սատարելու նպատակով:

Ընդունելութեան պատուոյ հիւրն էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին:

Երեկոյին հրաւիրուած էր նաեւ ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ), որու ներկայացուցիչները կարճ հանդիպում ունենալով քաղաքապետին հետ, շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր, Ապրիլ 24-ի քայլարշաւին իր մասնակցութեան ու նաեւ՝ քաղաքի միջոցները  հայութեան տրամադրելուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment