Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղհասարակութիւնը կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Ընտրութիւններու Դիտարկման

Քաղհասարակութիւնը կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Ընտրութիւններու Դիտարկման

by MassisPost

Թրանսփերենսի ինթէրնեշնլ հակակաշառակերութեան կեդրոնը, օրինակ, պիտի դիտարկէ վարչական աղբիւրի չարաշահման դէպքերը, պիտի վերլուծէ քուէարկութեան թուային պատկերը, այլ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ պիտի դիտարկէ քուէարկութեան ընթացքը տեղամասերուն մէջ:

Կեդրոնի ծրագրերու ղեկավար Վարուժան Յոկտանեանի խօսքով, սահմանադրական հանրաքուէէն ի վեր դիտորդներու թիւը եռապատկած են, եւ այժմ տեղամասերու մօտ երկու երրորդին՝ աւելի քան 1500 տեղամասերու մէջ դիտորդներ կ’ունենան, ըստ որուն՝ նաեւ սփիւռքահայ դիտորդներ:

Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեանի փոխանցմամբ, իրենք վերջերս դիտարկած են նոր համակարգի փորձարկումը Սեմյոնովկայի մէջ, եւ արդիւնքը մտահոգիչ էր․ «Մեր դիտորդները նկատեցին, որ նոյն անձը կարողացաւ երկու անգամ էլեկտրոնային գրանցման սարքով գրանցուել, որ էլեկտրոնային գրանցման սարքերը ընթերցեցին անձնագրի պատճէն՝ այն ընդունելով անձնագրի տեղ, եւայլն»:

Դիտորդները մեծ յոյսեր չեն կապած նաեւ տեսախցիկներու հետ, որոնք կը տեղադրուին տեղամասերու մեծ մասին մէջ:

Մշտադիտարկումներէն եւ ընտրատեղամասերուն մէջ քուէարկութեան հետեւելէն բացի, քաղաքացիական հասարակութիւնը այս ընտրութիւններուն ընդառաջ կը փորձէ նաեւ վերհանել բովանդակային հատուածը․ այսինքն՝ ի՞նչ դիրքորոշում ունին ընտրութիւններու գացող կուսակցութիւնները Հայաստանի համար շատ կարեւոր եւ հրատապ հարցերու վերաբերեալ:

Տարատեսակ դաշինքներու եւ առճակատումներու, նախընտրական շրջանի ընդհանրացման եզրին, հանրութեան յուզող գլխաւոր հարցերու պատասխանները չկան, քաղաքացիական հասարակութիւնը հարցաշար պիտի կազմէ եւ ուղարկէ կուսակցութիւններուն՝ ակնկալելով յստակ պատասխաններ:

Հելսինկեան կոմիտէի նախագահ Աւետիք Իշխանեան ըսաւ. «Եւ ուզում ենք բացայայտել նրանց: Ես չեմ ուզում խօսել, թէ ընտրութիւնները դրա հետեւանքով ազատ, արդար կ’անցնեն»:

Հելսինկեան քաղաքացիական խմբակցութեան Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունցի խօսքով՝ այս ընտրութիւններուն գաղափարներու մրցակցութիւն չկայ. մինչ Հայաստանի առջեւ օր-օրի աւելի լուրջ արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներ կը ծառանան, ընտրութիւններուն ընդառաջ քննարկուող հիմնական հարցն է, թէ ով որուն հետ կը միանայ:

Իրաւապաշտպան Զարուհի Յովհաննիսեան ըսած է․«Քաղաքական ամենասուր հարցերից մէկը՝ արդեօ՞ք կան Հայաստանում քաղբանտարկեալներ: Արդեօ՞ք պատկերացնում էք Ղարաբաղեան հարցի լուծումը փոխզիջման տարբերակով: Արդեօ՞ք կ’ուզէք, որպէսզի ընդունուի ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնսդրութիւնը: Այո-ոչ-էր, որոնք ամբողջովին բացայայտում են պատկերային դաշտը, լիւստրացիայի նման մի բան են նախատեսում, որը մեզ համար էլ վերլուծութեան բաւական լուրջ նիւթ կը լինի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment