Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տալլաքեան Բացատրած է «Օհանեան-Օսկանեան-Յովհաննիսեան» Դաշինքի Հետ Համագործակցութիւնը Դադրեցնելու Պատճառները

Տալլաքեան Բացատրած է «Օհանեան-Օսկանեան-Յովհաննիսեան» Դաշինքի Հետ Համագործակցութիւնը Դադրեցնելու Պատճառները

by MassisPost

Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալը յայտարարած է, թէ այդ դաշինքի նախընտրական ցուցակի ետեւ կանգնած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեան:

Համագործակցութեան այդ ձեւաչափը լքած՝ «Երրորդ հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Տալլաքեանի խօսքով, Պապայեան անձամբ իր հետ բանակցութիւններ վարած է՝ Փետրուար 6-ին ցուցակով այցելելով իրենց կուսակցութեան գրասենեակ: «Ես մերժել եմ Սամուէլ Պապայեանի առաջարկութիւնները»,- այսօր ըսաւ Վիքթոր Տալլաքեան:

Ըստ անոր, Սամուէլ Պապայեանի ցուցակի առաջին 10 թիւերուն մէջ եղած են միայն Վարդան Օսկանեանի «Համախմբում» եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամներ, ցուցակը գլխաւորած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեաը: Ինքը՝ Տալլաքեան յայտնուած է 11-րդ տեղը:

Դաշինքը առաջնորդող Սէյրան Օհանեան այսօր հակադարձելով Վիքթոր Տալլաքեանին, չհերքեց: «Սամուէլ Պապայեանի հետ մենք ունենք մտերիմ յարաբերութիւններ, բայց այն, որ ասուում է, որ նա մեծ դերակատարութիւն ունի մեր համատեղ գործունէութեան մէջ, այդպէս չէ»,- ըսաւ Օհանեան: Իսկ Վարդան Օսկանեան հրաժարեցաւ մեկնաբանել:

«Պատճառներից մէկը, այդ համագործակցութիւնը դադարեցնելու, նաեւ դա է: Որովհետեւ Պապայեանը ներկայացնում է «Համախմբումը» եւ լոբբինգ է անում «Համախմբման» համար: Ուրեմն ովքեր են ընդգրկուած՝ Օհանեան, Րաֆֆի Յովհաննիսեան, Վարդան Օսկանեան («Համախմբում»), Էլինար Վարդանեան («Համախմբում»), Անդրանիկ Թէւանեան («Համախմբում»), Վահէ Յովհաննիսեան («Համախմբում»), Արմէն Մարտիրոսեան՝ «Ժառանգութիւն»»,- թուարկեց Վիքթոր Տալլաքեան:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ այս ընթացքին կազմակերպած է Գագիկ Ծառուկեան-Սէյրան Օհանեան մի քանի հանդիպում, բայց «անարդիւնք»:

Վիքթոր Տալլաքեան դեռ որոշում չունի՝ մասնակցի՞լ թէ ոչ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Ամիսներ առաջ ան դուրս եկաւ իշխող Հանրապետական կուսակցութենէն, հրաժարական տուաւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի եւ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնական ներկայացուցչի պաշտօններէն՝ յայտարարելով, թէ իշխանութեան հետ համագործակցութեան վերջին չորս տարիներու ընթացքին ինք «քարեր էր հաւաքում», հիմա արդէն «եկել է քարերը նետելու ժամանակը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment