Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տոնալտ Թրամբ Պաշտօնապէս Ստանձնեց ԱՄՆ Նախագահի Լիազորությունները

Տոնալտ Թրամբ Պաշտօնապէս Ստանձնեց ԱՄՆ Նախագահի Լիազորությունները

by MassisPost

Տոնալտ Թրամբ պաշտօնապէս ստանձնեց ԱՄՆ նախագահի պաշտօնը`երդուելով պաշտպանել ԱՄՆ Սահմանադրութիւնը ու հաւատարիմ մնալ իր աշխատանքին։

Երդմնակալութեան արարողութեան մասնակիցները ժամանած են ԱՄՆ Կապիտոլիումի տարածք, ինչպէս նաեւ Օպամաներն ու Տոնալտ Թրամբ` տիկնոջ հետ միասին:

Սպիտակ տունէն դէպի ԱՄՆ Գոնկրեսի շէնք ուղեւորուած են նաեւ Ճորճ Պուշ կրտսերը` տիկնոջ` Լորա Պուշի հետ միասին, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի նորանշանակ փոխնախագահ Մայք Փենսը` կնոջ հետ:

Պաշտօնաւոր հիւրերու կարգին են նաեւ Օպամայի օրով գործող փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ անոր տիկինը:

Երկրի նորընտիր ղեկավարը իր նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ բազմիցս խոստացած է «կրկին Ամերիկան մեծ տէրութիւն դարձնել, աւելի մեծ, քան երբեւէ եղած է»:

Այս խօսքերը ան կրկնած է նաեւ երդմնակալութեան նախօրէին Աբրահամ Լինքոլնի յուշահամալիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Սպիտակ տան մէջ իր վերջին օրը անցուցած է ԱՄՆ 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա` կատարելով վերջին յանձնարարականներն ու հրաժեշտի նամակ յղելով բոլոր ամերիկացիներուն:

Թրամբ երդումի խօսքը հնչեցուցած է ձեռքը երկու Աստուածաշունչի վրայ դրած:
Մէկը իր մօր կողմէն նուէր ստացած Աստուածաշունչն է, միւսը Աբրահամ Լինքոլնին պատկանած Աստուածաշունչը, որ գնուած էր վերջինիս երդմնակալութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment