Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պելառուսի Դատախազութիւնը Որոշած է Ալեքսանդր Լափշինը Ատրպէյճան Արտայանձնել

Պելառուսի Դատախազութիւնը Որոշած է Ալեքսանդր Լափշինը Ատրպէյճան Արտայանձնել

by MassisPost

Պելառուսի գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում կայացուցած է բաւարարել Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան խնդրանքը Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանդր Լապշինին յանձնելու վերաբերեալ՝ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգրքով պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։ Այդ մասին հաղորդած է Հայաստանի Փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զօհրապեան:

Ըստ հաղորդագրութեան, որոշումը կրնայ բողոքարկուիլ Մինսկի քաղաքային դատարան՝ տասնօրեայ ժամկէտին։

«Փաստաբանների պալատի կողմից ստեղծուած աշխատանքային խումբը աշխատում է այս հարցով եւ իր հնարաւորութիւնների սահմաններում մասնագիտական օժանդակութիւն կը ցուցաբերի Լապշինին։ Ալեքսանդր Լապշինը մեր պաշտպանութեան կարիքն ունի: Բոլոր իրաւաբան եւ լրագրող գործընկերներիս կոչ եմ անում միանալ Ալեքսանդր Լապշինի պաշտպանութեանը»,- ըսուած է Հայաստանի Փաստաբաններու պալատի նախագահի հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, բլոգեր Ալեքսանդր Լապշին ձերբակալուած է 14 Դեկտեմբերին Մինսկի մէջ՝ Ատրպէյճանի պահանջով, Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու եւ Ղարաբաղը որպէս անկախ պետութիւն ճանչնալու համար: Ան յայտնուած էր Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ:

Պետութիւններու դէմ հրապարակային կոչեր ընելու եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի անօրինական հատելու համար քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուած է: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ յայտնած է Արա Զոհրաբեան:

Աւելի առաջ լրատուամիջոցները գրած էին այն մասին, որ Լափշին յաջողած է 2-րդ անգամ Պաքու այցելել, քանի որ «Ալեքսանդր»-ի փոխարէն ուքրանական անձնագիրին մէջ նշուած եղած է «Օլեքսանդր» եւ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները թոյլ տուած են անոր 2-րդ անգամ մտնել Ատրպէյճան:

Պելառուսիոյ դատախազութիւնը արտայանձման որոշումը հիմնաւորած է հետեւեալ կերպով. Արտայանձնումը տեղի կ՛ունենայ, երբ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար կան բաւարար հիմքեր, երբ կատարուած յանցանքը քրէօրէն պատժելի է եւ կ՛ենթադրէ նուազագոյնը մէկ տարուայ ազատազրկում:

Իսկ հանգամանքը, որ պլոկըրը Պելառուսիոյ քաղաքացի չէ, որոշման համաձայն, չի խոչընդոտեր արտայանձման իրականացման:

Պելառուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան որոշումը կրնայ բողոքարկուիլ Մինսկի քաղաքային դատարան` 10 օրուայ ժամկէտի մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment