Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Առանց Կոտորածի Ապրած Գոնէ Մէկ Տարի Ունի՞նք». Թուրք Թատերագէտ

«Առանց Կոտորածի Ապրած Գոնէ Մէկ Տարի Ունի՞նք». Թուրք Թատերագէտ

by MassisPost

Թուրք թատերագէտ եւ սիւնակագիր Հիլալ Նեսինը Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի` ցեղասպանութիւն բառի գործածման համար խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստին մասնակցելու իրաւունքէ զրկուելէ ետք, Twitter-ի իր էջին մէջ գրառումով հեգնած է Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւնը հերքողները:

Հիլալ Նեսինի գրառումը` Tert.am-ը կը ներկայացնէ ստորեւ.

«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը կայ «հայու դիակի պէս ծանր» արտայայտութիւնը:

«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը երկրի ամբողջ տարածքին մէջ կան հայերու կառուցած դպրոցները, եկեղեցիները, ալրաղացները…

«Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն չկայ, փոխարէնը մէկ դար շարունակ հայերու թաղած ոսկիները փնտռող միլիոնաւոր մարդիկ կան:

«Հայ ըլլալու համար սպաննուած Հրանդ Տինքը կայ, անմեղ տեղը բանտ նետուած Սեւան Նշանեանը (գրող, մտաւորական) կայ, բայց հայկական կոտորած չկայ:

«Այս գրութիւնը գրելուս համար քիչ անց ինծի անձնական նամակով «վայ դուն հայու սերմ, հայու ապօրինածին» գրողներ պիտի ըլլան, սակայն հայկական կոտորած չկայ:

«Սորվեցէ՛ք ապրիլ առանց կեղծիքի:

«Հարցուցէ՛ք դուք ձեզի. «Առանց կոտորածի ապրած գոնէ մէկ տարի ունի՞նք»:

Յիշեցնենք, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկման ժամանակ յիշեցուցած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Փայլան, մասնաւորապէս, նշած էր, որ երկրին անհրաժեշտ է այնպիսի Սահմանադրութիւն, որ պաշտպանէ Թուրքիոյ բազմակրօն ու բազմաէթնիկ հասարակութեան բոլոր շերտերուն իրաւունքները:

Փայլան յիշեցուցած էր, որ Թուրքիոյ մէջ Սահմանադրութեան առաջին օրինակը կազմուած է հայերուն կողմէ, եւ ընդգծած, որ երկիրը ընկղմուեցաւ քաոսի մէջ, երբ իշխանութիւնները սկսան ներկայացնել միայն թուրքերուն շահերէն բխող Սահմանադրութեան օրինակներ, ինչպէս եւ հիմա:

«Այդ քաոսային շրջանին մէջ մենք կորսնցուցինք չորս ազգ` հայերը, յոյները, ասորիները եւ հրէաները, որոնք մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու հետեւանքով այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած»,- ըսած էր Փայլան:

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու պատգամաւորները ընդհատած էին հայ պատգամաւորը` «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով, ու պոյքոթած են անոր ելոյթը` սեղաններուն զարնելով: Փայլանը քննադատած են նաեւ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

«Ցեղասպանութիւն» եզրոյթին համար Կարօ Փայլանը պատժած են` զրկելով յառաջիկայ 3 նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն: Փայլանի խօսքերը հանուած են նիստի արձանագրութիւններէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment