Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանութիւնը Ընդունեց Գողութեան Փաստը

Իշխանութիւնը Ընդունեց Գողութեան Փաստը

by MassisPost

Վերջերս վարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի ըրած յայտարարութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ խոստովանած են՝ նախապէս պաշտօնեաներու կողմէ պետական միջոցներու իւրացում տեղի ունեցած է, բայց իրաւապահները չեն արձագանքած այս յայտարարութիւններուն, յայտնեց Հելսինկեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունց:

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ բանակի հաշուին  հարստանալը պէտք է ըլլայ անհնար, իսկ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ակնարկեց, որ պէտք չէ սպասել, թէ նախկինի չարաշահումները թոյլ տուած պաշտօնեաներուն պէտք է կախաղան բարձրացնեն:

“Արձանագրում ենք, որ վարչապետի ու նախարարի մակարդակով ընդունում են գողութեան, հանրային միջոցների իւրացման, պաշտօնէական դիրքի օգտագործմամբ որոշակի պիւճետային միջոցների իւրացման փաստը: Կարեւոր հանգամանք է, որ երկար ժամանակ լրատուական միջոցներով, ամենատարբեր աղբիւրներով կոռուպցիայի վերաբերեալ հաղորդումների պատկերի արդիւնքում մարդիկ ըստ էութեան այսօր ընդունում են գողութեան փաստը”,- ըսաւ Սաքունց:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ըստ անոր, շատ պարզ լուծում կայ՝ օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասար պատասխանատուութեան սկզբունքը պէտք է գործէ: Եթէ քաղաքացիներու նկատմամբ քրէական գործեր յարուցուած են, շատ յաճախ մարդիկ ոչ հիմնաւոր պատասխանտուութեան կ’ենթարկուին ուրիշի անձնական գոյքի նկատմամբ ոտնձգութիւններու հիմքով, ապա հանրային  աղբիւրներու, պետական միջոցներու նկատմամբ ոտնձգութիւններու գործերով առաւել եւս պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին պաշտօնական անձինք:

“Երկրորդ, պէտք է հովանաւորչութիւնը՝ որպէս ամենատարածուած յանցատեսակ, նոյնպէս քրէօրէն հետապնդուի: Այսինքն՝ այստեղ անելիք ունեն Գլխաւոր դատախազութիւնն ու Յատուկ քննչական ծառայութիւնը, որոնք զարմանալիօրէն մնում են անհաղորդ նախարարի եւ վարչապետի մակարդակով հնչեցուած յայտարարութիւնների վերաբերեալ: Նաեւ Վերահսկիչ պալատը պէտք է այս հարցում բաւական ակտիւ լինէր”,- ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment