«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը դեռ չէ որոշած՝ ինչպէս պիտի մասնակցի Ապրիլ 2-ի ԱԺ ընտրութիւններուն: «Միայնակ մասնակցելու դէպքում մինիմալ խնդիրը կը լուծենք՝ «Ժառանգութիւնը» ԱԺ-ում կը լինի, սակայն դա երկրի համար ոչինչ չի տայ: Միայնակ գնալով հնարաւոր չէ երկրում արմատական փոփոխութիւններ իրականացնել, իշխանափոխութիւն իրականացնել»,- ըսաւ «Ժառանգութեան» փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:
«Ժառանգութիւնը» ունի սկզբունքներ, որոնց ապահովման պարագային պատրաստ է համագործակցութեան:
Վարդան Օսկանեանի ղեկավարած «Համախմբում» կուսակցութեան հետ համգործակցութիւնը «Ժառանգութեան» մէջ չեն բացառէր. «Վարդան Օսկանեանը կրակելու հրաման, բարեբախտաբար, չի տուել, նա իշխանութեան մաս է եղել, իր յայտարարութիւնը միանշանակ չի ընդունուել: Իշխանական թիմերում գտնուած մարդիկ կատարել են քայլեր, արել են խօսքեր, որոնք հանրութեան կողմից ընդունելի չեն եղել: Նրան կոռուպցիայի մէջ չեն մեղադրել: Ակնյայտ է, որ Վարդան Օսկանեանը իր կրթութեամբ, ինթելեքթով, իր աշխատանքային փորձով առանձնանում է որոշակիօրէն»:
Իր կարգին «Համախմբում» կուսակցութիւնը իր վարչութեան հերթական նիստին որոշած է ստեղծել բանակցող խումբ, խորհրդակցութիւններ կայացնել քաղաքական, հասարակական ուժերու եւ այլ շրջանակներու հետ: