Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան «Սփիւռքի Հայ Երիտասարդները Ձուլման Վտանգի Առջեւ են»

ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան «Սփիւռքի Հայ Երիտասարդները Ձուլման Վտանգի Առջեւ են»

by MassisPost

Միջին Արեւելքի հայկական գաղթօջախներուն հայերու թիւը վերջին 30 տարիներուն զգալի նուազած է։ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրման 110-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջանակին մէջ կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին միութեան նախագահ  Պերճ Սեդրակեանը նշեց, որ այդ գաղթօջախներուն  80 տոկոսը կամ հեռացած  է հայերէնէն, կամ  ցրուած։ «Նոր սերունդը հեռանում է իր ինքնութիւնից, հայութիւնից։ Սա լուրջ մտահոգութիւն է։ Նոր արտագաղթողները գոնէ 1-2 սերունդ հայ են մնում, մինչդեռ ԱՄՆ-ում, Եւրոպայում, Ռուսաստանում բնակուող հնաբնակները կորցնում են ինքնութիւնը»,- ըսաւ Պ. Սեդրակեանը։ Մինչդեռ, անոր դիտարկմամբ, եթէ սփիւռքը շատ տկարանայ, կը կորցնէ իր կարեւորութիւնը՝ հայրենիքի թիկունքին կանգնելու համար։

«Եթէ եկող 5-10 տարիներուն ճիգը չընենք, գոնէ անոնց մէկ մասը հրապուրենք դէպի իրենց ինքնութիւնը, ապա անոնք կը ձուլուին։ Հիմնական մեր մտահոգութիւնը յառաջիկայ 10 տարուայ մէջ՝ ստեղծել այնպիսի հրապուրելիքներ, որ անոնք մօտենան իրենց ինքնութեանը«,- անոր դիտարկմամբ, ամենակարեւոր խարիսխը զօրաւոր հայրենիք ունենալն է։ «Մեր կարեւոր մտահոգութիւնն այն է, որ Հայաստանի տնտեսական վիճակը զօրացնենք։ Իհարկէ խնդիրը միայն տնտեսական վիճակով չէ, սակայն պէտք է հզօր հայրենիք ունենաք, որ հպարտութիւն ներշնչի եկող սերունդներին։ Մեր գործունէութիւնը յառաջիկայ տարիներին պէտք է ուղղուած լինի դէպի հայրենիք»,- ըսաւ ՀԲԸՄ նախագահը։
agb-110b

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տիկին Ռիթա Սարգսեանը այսօր Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակի առիթով նախատեսուած միջոցառումներու շրջանակին մէջ կայացած յոբելենական պարային երաժշտական ներկայացման՝ Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի Նորքի Հայորդաց տան ու «Թումո» ստեղծարար արուեստագիտութիւններու կեդրոնի սաներու կատարմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment