Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Խորհրդարանը Ընդունեց «Հազար Դրամներու» Օրինագիծը

Հայաստանի Խորհրդարանը Ընդունեց «Հազար Դրամներու» Օրինագիծը

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովը այսօր՝ 17 Նոյեմբերին, 102 կողմ, 3 դէմ ձայներով առաջին ընթերցմամբ ընդունած է Կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «ՀՀ պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերը, որ յայտնի է  «1000 դրամի նախագիծ» անունով։

Յիշեցնենք, որ  պաշտպանութեան նախարարի այս նախաձեռնութիւնը մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր հանրութեան մէջ։

Ըստ նախագիծին, զոհուածներու եւ 1-ին խումբի հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներու ընտանիքները միանուագ կը ստանան 10 մլն դրամ (2-րդ խումբի հաշմանդամները՝ 5 մլն), իսկ յետագային՝ 20 տարուան ընթացքին՝ ամսական 300 հազար դրամ: Սպաներու համար այդ գումարը կը կազմէ ամսական 300 հազար դրամ, ենթասպաներու համար՝ 250 հազար դրամ, շարքայիններու համար՝ 100 հազար դրամ (զոհուածներն ու 1-ին խումբի հաշմանդամները): Այս պարագային սպային կամ անոր ընտանիքին 20 տարի շարունակ կը յատկացուի 82 մլն դրամ, ենթասպաներուն՝ 70 մլն, շարքայիններուն՝ 58 մլն:

2-րդ խումբի հաշմանդամներուն համար նախատեսուած է համապատասխանաբար 200, 150 եւ 100 հազար դրամ ամսական:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment