Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Զինուժը Ռմբակոծած է Թալիշի Մերձակայ Դիրքերը

Ատրպէյճանական Զինուժը Ռմբակոծած է Թալիշի Մերձակայ Դիրքերը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը կը հաստատէ՝ թէ վերջին շրջանին ատրպէյճանական բանակը աշխուժացուցած է գործողութիւնները:

Ատրպէյճանական զինուժը Հինգշաբթի գիշերուընէ ականանետերու կիրառմամբ կը կրակոծէ Թալիշի եւ Եարըմճայի ուղղութիւններով տեղակայուած՝ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը: Այս մասին կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Թալիշի գիւղապետ Վիլէն Պետրոսեան փոխանցեց, որ արկերը գիւղի բնակելի տարածքին մէջ չեն ինկած։ Իսկ գիւղի մերձակայ դիրքերու ուղղութեամբ կը շարունակեն կրակել։

Անոր խօսքով՝ Թալիշի մէջ այժմ միայն տղամարդիկ կը բնակին, քանի որ յատկապէս երեկոյեան ժամերուն գիւղին մէջ մնալը խիստ վտանգաւոր է:

Վիլէն Պետրոսեանի խօսքով, ապրիլեան պատերազմէն յետոյ ականանետի մասին խօսք չկար, բայց այսօր այն կիրառել են։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատեց վերջին շրջանին Ատրպէյճանական կողմի աշխուժութիւնը։ «Միայն Թալիշի ուղղութեամբ չեն կրակել, նաեւ այլ ուղղութիւններով։ Համեմատած նախորդ շաբաթների հետ՝ այո, ակտիվացել են»,- ըսաւ ՊՆ խօսնակը։

Այսօր Ատրպէյճանի մէջ մեկնարկած է լայնամաշտաբ զօրավարժութիւններ: Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ, վարժութիւններուն կը մասնակցի մինչեւ 60 հազար զինուորական, աւելի քան 50 ինքնաթիռ եւ ուղղաթիռ, 150-էն աւելի թանկ, 700 հրթիռահրետանային համակարգ:

Օրեր առաջ Հայաստանի արտգործնախարար Էտուարտ Նալպանտեանը քննադատած էր Ատրպէյճանին՝ լայնածաւալ զօրավարժութիւններու կայացման համար՝ ըսելով. «Ատրպէյճանն, ինչպէս միշտ, նորից սրում է իրավիճակը՝ յայտարարելով լայնածաւալ զօրավարժութիւնների մասին, որում ընդգրկուած է ատրպէյճանական բանակի գրեթէ ողջ ներուժը»:

Ըստ Հայաստանի արտգործնախարարի՝ այդ Վիեննայի փաստաթուղթի դրոյթներու խախտում է, որուն համաձայն, Ատրպէյճանը պէտք է 42 օր առաջ տեղեակ պահէր զօրավարժութեան կայացման մասին, եթէ նոյնիսկ անոր ներգրաւուած ըլլան 9000 զինծառայող: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեանի խօսքով՝ նման զօրավարժութիւններով Ատրպէյճանի նախագահը, ներքին խնդիր կը լուծէ։

«Այս զինավարժութիւնները նրա համար են, որպէսզի իշխանութիւնը ցոյց տայ իր քաղաքական ընդդիմախօսներին, որ խանը ունի նաեւ մեծ ասկիարների բանակ եւ հարկ եղած դէպքում կը պահպանի իր իշխանութիւնն ու իր շահերը»,- ըսաւ Պապայեանը:

Քաղաքական վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեանի կարծիքով՝ Ատրպէյճանը այլեւս հաշուի չ′առնէր միջազգային հանրութեան կարծիքը։ «Ատրպէյճանը Ղարաբաղի դէմ յարձակումներն օգտագործում է իր ներքին խնդիրներից ուշադրութիւնը շեղելու համար: Սա նաեւ փորձ է՝ ապակայունացնելու իրավիճակը: Բայց ամէն ինչ վերահսկողութեան տակ է, եւ այժմ չկայ այն անսպասելիութեան էլեմետենտը, որ Ատրպէյճանն ունէր ապրիլին: Հիմա հայկական կողմն աւելի պատրաստուած ու աւելի զինուած է: Այդուհանդերձ, սա աւելի շատ ուղերձ է միջազգային հանրութեանն ու Մինսկի խմբին այն մասին, որ Ատրպէյճանին դիւանագիտութիւնը չի հետաքրքրում եւ այդ երկիրը յենուում է միայն ուժի սպառնալիքի վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment