Home ԳՐԱԿԱՆ ՍԴՀԿ կը Ներկայացնէ Դեսպան Կյունիի Գիրքին Շնորահանդէսը Փարիզի Մէջ

ՍԴՀԿ կը Ներկայացնէ Դեսպան Կյունիի Գիրքին Շնորահանդէսը Փարիզի Մէջ

by MassisPost

nazar4Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի «ՆԱԶԱՐԲԷԿ» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 28, 2016-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ 2002-2006 թուականներուն Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Կյունիի «ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՄԻ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՈԳԻ» գիրքի շնորահանդէսը: Պարոն դեսպանն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան եւ մշակոյթին, արտայայտեց իր յարգանքն ու կապուածութիւնն Հայաստանի հանդէպ, որ խթան հանդիսացաւ գիրքի հրատարակութեան: Խօսելով Ապրիլեան պատերազմի մասին’ դեսպան Կյունիին նկատեց որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, ըլլալով բռնապետական եւ ընտրուած չըլլալով այդ երկրի քաղաքացիներու կողմէ, անէն ինչ պիտի ընէ սահմանային լարուածութիւնը պահելու համար:

Ըստ Դեսպանին, միայն ռազմական գործողութիւնները կրնան երկարացնել Ատրպէյճանի բոնապետին իշխանութիւնը: Շնորահանդէսին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՍԴՀԿ Հայաստանի Վարչութեան Ատենապետ Ընկեր Նարեկ Գալստեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Դեսպան Կյունիին իր նախաձեռնութեան եւ հեղինակած գիրքի համար, ինչպէս նաեւ կարեւորեց հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններուն վերջինիս ունեցած ներդրումը: Նարեկ Գալստեանը խօսեցաւ նաեւ միջոցառման կազմակերպիչ «ՆԱԶԱՐԲԷԿ» երիտասարդական միութեան մասին, որ Ապրիլեան պատերազմին գործունեայ մասնակցութիւն ունեցաւ բանակին անհրաժեշտ որոշ ապրանքատեսակներու նուիրատուութեամբ: ՍԴՀԿ Ատենապետը նշեց, որ ռազմական գործողութիւնները դեր չաւարտուած’ «ՆԱԶԱՐԲԷԿ»ի երիտասարդներն արդէն Արցախ էին: Հուսկ’ Նարեկ Գալստեանը ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան կողմէ պարգեւատրեց երիտասարդական միութիւնը «ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏ» շքանշանով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment