Հայաստանի Կառավարութեան համապատասխան որոշմամբ գումար կը յատկացուի սուրիահայ ուսանողներու ուսման վարձերը փոխհատուցելու նպատակով:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հիմնաւորման համաձայն՝ ներկայիս ՀՀ-ի մէջ 500 սուրիահայ ուսանողներէն ուսման վարձի կարիք ունին շուրջ 400-ը:
Ինչպէս նախկին տարիներուն, այս տարի նոյնպէս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը պատրաստ են սուրիահայ ուսանողներու 2016-2017 ուս.տարուան վարձերու մասնակի փոխհատուցման համար տրամադրել իւրաքանչիւրը 125.000 ԱՄՆ տոլար:
Սակայն ուսման ամբողջ վարձի փոխհատուցման համար անհրաժեշտ է յատկացնել ֆինանսական միջոցներ՝ 20 մլն ՀՀ դրամի չափով: