Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ .- Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 Տարեկան է

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ .- Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 Տարեկան է

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է:

Համայն հայութիւնը, անկախութեան 25-րդ տարեդարձը կը տօնախմբէ անոր դիմագրաւած բազում մարտահրաւէրները դիմակայելու իր անմնացորդ նուիրումին հպարտութեամբ:

Արդար է այդ հպարտութիւնը. որովհետեւ անկախութեան բերած բարիքները շօշափելի իրականութիւններ են այսօր: Կայացած է հայկական բանակը. Հայրենիքի արժէքը դարձած է գերադաս ազգային , կրօնական, գաղափարական ու բազում այլ արժէքներէ: Ամէն բանի առանցքը Անկախ Հայաստանն է. անոր անվտանգութիւնը, ապահովութիւնը եւ զարգացումը:

Անցնող 25 տարիներուն, մեր երազած անկախութիւնը իր ձեռքբերումներուն կողքին, տուաւ նաեւ յուսաբեկումներ: Դժբախտաբար, այսօրուան Հայաստանը ընկերային արդարութեան երկիրը չէ եւ ժողովուրդին մօտ օրաւուր կը նուազի այդպիսին ըլլալու յոյսի նշոյլը: Իրարայաջորդ իշխանաւորներուն՝ ապօրինի միջոցներով դիզած հարստութիւնները, ժողովուրդին մօտ ստեղծած է ոչ միայն անվստահութիւն այս կամ այն իշխանաւորին հանդէպ, այլ ատելութիւն իշխանութիւն հասկացութեան հանդէպ: Կարելի է անվարան ըսել որ այսօր, անկախ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծ տոկոսին համար, իշխանութիւնը այլ բան չէ, եթէ ոչ պարզ ժողովուրդին արդար վաստակը լափող մարդկանց խումբ մը: Իսկ իշխանութեան համար պայքարը՝ այդ շահութաբեր միջոցին տիրանալու պայքար:

Անկախութեան 25 տարիներուն Հայաստան դիմագրաւեց շատ մարտահրաւէրներ. Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին դէմ Ազրպէյճանի ջղաձգութիւնները, միջազգային տնտեսական տագնապներուն ազդեցութիւնը, շրջափակումը, դէպի ծով ելքի բացակայութիւնը, եւայլն: Ասոնք մօտիկ ապագային եւ միայն Հայաստանի ցանկութեամբ լուծուող հարցեր չեն: Հիմնական հարցը որ կը կարօտի շուտափոյթ լուծման եւ կախուած չէ արտաքին ազդակներէ՝ ընկերային իրավիճակի արմատական բարեկարգութիւնն է:

Արտաքին թշնամիներ եւ դժուարութիւններ չունենալը միայն Հայաստանի կամքով չէ. սակայն զանոնք ներքին բոլոր ուժերու համադրումով դիմակայելը մեզմէ կախեալ է և կը կատարուի միայն ընկերային արդարութեան վրայ հենած պետութեամբ մը, ուր, մինչեւ ամենէն հետին քաղաքացին ինքզինք երկրին տէրը կը զգայ:

Անկարելի է հրաժարիլ Անկախութենէն. անկարելի է նաեւ ընդունիլ, որ անոր հանդէպ հաւատքը նուազի, այդ վտանգուի և Հայաստանի քաղաքացին իր արդար պահանջքներուն ու բողոքներուն լուծումը չգտնելով, պարտաւորուի լքէ իր հայրենիքը, ա’լ աւելի խորացնելով արտագաղթի արատաւոր երեւոյթը:

Համատարած եւ արմատական ընկերային բարեփոխութիւն: Այս է անկախութեան 25 ամեակին հրամայականը եւ այս պիտի ըլլայ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եկող տարիներու լոզունգը: Մինչեւ այն պահը, երբ պարզ քաղաքացին իր հայրենիքին մէջ ինքզինք անպաշտպան, օտարացած, երկրորդ դասի քաղաքացի կը զգայ: Մինչեւ այն օրը երբ քաղաքացին համոզուի որ իր հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ եղող պետական մարմինները՝ առաջնահերթաբար ոստիկանութիւնը, դատարանը, հարկայինը՝ իր իրաւունքները,  ապահովութիւնը եւ կարգուկանոնը պաշտպանող կառոյցներ են եւ ոչ թէ իր մաշկին թառած մակաբոյծներ: Մինչեւ որ Հայաստանի քաղաքացին իրապէս համոզուի թէ, որպէս այդպիսին, ի՛նք է այս երկրին գերագոյն արժէքը:

Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21, 2016

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment