Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ 25 Տարեկան Դարձած Անկախ Հայաստանի Տեսլականը

25 Տարեկան Դարձած Անկախ Հայաստանի Տեսլականը

by MassisPost

Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան 25 տարեկան է:

21 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի հիմքով` Գերագոյն Խորհուրդը Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հռչակէր անկախ պետութիւն:

Շրջանային մեծ ու անկանխատեսելի տեղաշարժերով ու Խորհրդային  Միութեան փլուզումով երեւան եկած պայմանները, հայ ժողովուրդը կը դնէին պատմական ընտրութեան մը առաջ, որուն դիմաց պէտք էր ցոյց տալ վճռական կեցուածք:

Մեր ժողովուրդը քաջ գիտակցելով այդ պատմական պահուն  ստեղծած անխուսափելիութիւնը կը վճռէր քալել անկախութեան ճանապարհով ու վճռական եւ կարեւոր այդ քայլը կը դառնար նոր փուլի մը մտնելու հիմնարար կռուան:

Պատերազմ Արցախի մէջ, 88-եան երկրաշարժի ծանր հետեւանքներուն տակ կքած քաղաքներ, ընկերային ու տնտեսական բարդ դրութիւն, արտագաղթ, բայց այս  բոլորին  մէջ  մեր ժողովուրդը կը կարեւորէր ապրիլ անկախ ու սկիզբ  տալ նոր ճանապարհի մը, որմով պիտի կերտէր հայութեան համար տեսլական մնացած երկրի իրական սահմանները:

Սահմանը կը կերտուէր արիւնով ու հակառակ տարբեր ոլորտներու մէջ եղած բազում  բացթողումներուն ու նոյնիսկ հոգեթողութեան, հայոց նորակազմ  բանակի ասպետները իրենց «կրակէ  մկրտութիւնը» ստանալով կը գծագրէին մեր հերոսական երկրի անառիկ սահմանները:

1994-ին Կը կնքուէր հրադադար ու այդ բոլորէն յաղթանակած դուրս եկած մեր երկիրը կը մտնէր նոր հուն մը ու դանդաղ քայլերով կը բռնէր վերակառուցումի ճամբան:

Ճամբայ  մը` փուշերով եւ որոգայթներ լեցուն, որուն բոլոր անկիւնադարձներուն  մէջ  հայութիւնը «մէկ սիրտ ու մէկ հոգի» կը դիմակայէր բոլոր դժուարութիւնները:

Այս  բոլորին  զուգահեռ այն ինչ, որ տեղի կ’ունենար երկրի քաղաքական կեանքի շերտերուն մէջ մեծ հոգելքութեան առիթներ կը ստեղծէր ամբողջ հայութեան համար:

Պատերազմին ստեղծած միասնականութեան  մթնոլորտը կը փոխուէր ու բոլորս ականատես  կ’ըլլայինք բաւական դառն ճշմարտութիւններ իր մէջ ընդելուզած Հայաստանի մը, որ մեզի համար հեռու էր իտէալական երկիր մը ըլլալու հրամայականէն:

Այս  ճանապարհին,  աւելի յստակ կը դառնար, որ մեր երկիրը տակաւին  ունի  բազում  եւ  բազմապիսի խնդիրներ, որոնց լուծման համար հարկաւոր է ունենալ համազգային կամք:

Հայաստանի  Հանրապետութեան անկախութեան առաջին տարիներուն հայութիւնը կ’ապրէր տարաբնոյթ եւ ներքին շիկացումով երեւելի դարձած տագնապներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերանային:

Այսօր արտաքին  ճակատի ու  սփիւռքի համար հիմնական կէտ համարուող Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան օրակարգերուն շուրջ 25 տարեկան անկախութիւն ապրած Հայաստանը յաջողած է համախմբել ամբողջ հայութիւնը:

Քաղաքական,  ընկերային, յարանուանական, գաղափարական տարբերութիւնները յարգելով Հայաստանը դարձաւ բոլորին համար իրական տուն ու մշտական ամրոց:

Այդ  բոլորի կողքին սակայն, մեր երկիրը  ունեցաւ ծանր նահանջներ: Այդ  նահանջներուն  ամէնէն  ցայտունը, Հայաստանի ու հայութեան համար աղէտալի  հետեւանքներ ունեցող արտագաղթի ալիքն  էր, որ ցայսօր  ալ  կը  շարունակէ  արիւնահոսող  վէրքի մը պէս սպառնալ բոլորիս:

Այս բոլորէն զատ, եթէ Խորհրդային Կարգերէն դուրս ելած եւ նոր յարաբերութիւններով ու տնտեսական մօտեցումներով ինքզինք գտնող երկիրը  զառնուեցաւ «նոր հարուստներու» եւ «ծաւալող» օլիկարխներու  ստուրեային գործունէութեան  մը, որուն  հետեւանքով երկրին  մէջ կը  սերտաճէր մենաշնորհային քաղաքականութիւնը, արգելք դառնալով իրական եւ անկեղծ մրցակցութեան պայմաններու հասունացումին:

Սովորական հայ մարդը կը տուժէր Հայաստանի մէջ:

Հայ  մարդը կը նահանջէր Հայաստանի մէջ ու ատոր համար էր նաեւ, որ ՀՀ քաղաքացիին համար անկախութեան երազը շատ պահերու կը դառնար ծանր ու սարսափեցնող մղձաւանջ:

Կը զարգանար Երեւանը, բայց Հայաստանի սահմանային գիւղերն ու շէները կը մնային լքուած ու անտեսուած:

Կը  զարգանային  հայութեան համար սիրտ համարուող քաղաքամայր Երեւանի փողոցներն ու թաղամասերը, բայց անկէ դուրս  ու  քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող շրջանները կը մնային լքուած իրենց տխուր ճակատագրին:  Տտակաւին կը խօսուէր համակարգային բարեփոխումներու մասին, հանգրուանի մը, ուր Հայաստանի իշխանութիւններուն համար մինչեւ այս պահը բարեփոխում կատարելը կը մնար սոսկ խօսքի սահմաններուն մէջ:

Այլ ծանր իրադրութիւն մը կը տիրէր ներքին- քաղաքական կեանքին մէջ, ուր քաղաքական պայքարները կը տարուէին անհատներու եւ ոչ ծրագիրներու շուրջ:

Հակառակ անոր, որ սահմանադրութեան բարեփոխումները կը դառնային  իրականութիւն,  այսօր եւս Հայաստանին կը պակսի լուրջ եւ ամենակարեւորը ծրագիրներով  առաջնորդուող  ընդդիմութիւն  մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ունենալ տեսիլք` ընկերային արդարութեամբ, ժողովրդավար  հիմունքներով եւ հաւասարութեամբ կառավարուող երկիր մը կերտելու:

Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումներուն զուգահեռ, Հայաստանը այսօր կը հանդիսանայ փոքր ու ապահով «կղզեակ» մը, որ շրջապատուած է  մեծ ու փոքր թշնամիներով: Այս խօսքին մեծագոյն ապացոյցը եղաւ անցնող  ապրիլին  արցախեան քառօրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ մեր սխրալից տղաներու փայլուն պատասխանով:

Ատրպէյճան  ստիպուեցաւ խնդրել Մոսկուայի անմիջական միջամտութիւնը ու 5 Ապրիլին «վերանորոգուած» հրադադարը նոր հուն բացաւ արցախեան հակամարտութեան տարեգրութեան մէջ:

Պատերազմը եկաւ  ըսելու, որ Հայաստանի հիմնական հակառակորդը  արթուն  է ու դարանակալ ու ատոր  դիմաց մեր երկիրը պարտաւոր է  ամէն գնով սրբագրել առկայ բոլոր բացթողումները եւ հաւաքապէս նուիրուիլ Արցախի պաշտպանութեան սրբազան գործին:

Արցախի մէջ եղած դէպքերէն ետք ծանր էր նաեւ  Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոն  մուտք գործած «Սասնայ ծռերու» տղոց  արարքը: Գաղտնիք ալ չէր, որ այս արարքը, հակառակ իր  ծայրայեղական գործելաոճին, իր մէջ կը պարբակէր բաւականին կարեւոր պատգամներ:

Ընկերային  անհաւասարութեան, անարդարութեան,  դատական համակարգի խոցելիութեան եւ հովանաւորչական մօտեցումներուն դէմ եղած «Սասնայ ծռերու» արարքը կը բանար կարեւոր հարցադրումներու տոպրակը:

Դէպի ո՞ւր կ’երթայ 25-ամեայ Հայաստանը:

Ամենակարեւորը` ինչ պէտք է ընել դրական ընդհանուր մթնոլորտ մը աճեցնելու մեր ժողովուրդի լայն շերտերուն մօտ:

Բնականաբար  այս հարցումներու պատասխանները կը գտնուին ՀՀ իշխանութիւններուն մօտ, որոնք այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, պարտաւոր  են «վիրաբուժական գործողութիւններ»  կատարելով փրկել ընդհանուր վիճակը:

Որպէսզի ի զուր հեղած չհամարուի Հայաստանի անկախութեան ճամբուն վրայ անձնուէր ազատամարտիկներու ու տարբեր պայմաններու տակ նահատակուած հազարաւոր նահատակներուն արիւնը այսօր ատենն է, որ ազգովին ու անգամ մը եւս համախմբուինք Անկախ Հայաստանի իրական տեսլականին շուրջ:

Որպէսզի այսօրուան անկախութիւնը վերանորոգուի իսկական եւ մնայուն արժէքներով:

Որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր ձեռքբերումները դառնան մշտական հիմունքներ:

Որպէսզի Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան բոլոր լուսաւոր կէտերը տարածուին ամբողջ հայաշխարհին մէջ:

Հայաստանն  ու հայութիւնը պարտաւոր են ամէն գնով պահպանել ու գործել անկախութեան տեսլականով, որուն ամէնէն փոթորկոտ ջուրերուն մէջ կը պահուի  հայութեան մեծ երազներուն մշտավառ ջահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment