Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւն. Թուրքիան Դարձած Է Իսլամիստներու Կեդրոն

Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւն. Թուրքիան Դարձած Է Իսլամիստներու Կեդրոն

by MassisPost

Գերմանիոյ ձախերը դաշնային կառավարութեան կը յորդորեն գործ չունենալ «ահաբեկիչներու կնքահայր էրտողանին հետ»: Անգարայի կոշտ արձագանքը չէ ուշացած:

Գերմանիոյ խոշորագոյն քաղաքական ուժերէն մէկը՝ փոխդեսպան Զիկմար Գաբրիէլի ղեկավարած Սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութիւնը երկրի ներքին գործերու նախարարութենէն կը պահանջէ Պունտեսթակին ներկայացնել գաղտնի զեկոյցը, որուն համաձայն, Թուրքիան վերջին տարիներուն դարձած է տարածաշրջանին մէջ գործող իսլամիստներու կեդրոնը:

Նախօրէին Գերմանիոյ հանրային հեռարձակողը՝ ARD-ն հատուածներ հրապարակած է գաղտնի այդ փաստաթուղթէն, ուր, մասնաւորապէս, ըսուած է՝ «Թուրքիան տարիներ շարունակ աշխատած ու աջակցած է Մերձաւոր Արեւելքի զինեալներուն: Նախագահ Էրտողանին ու անոր կուսակցութեան յայտարարութիւնները՝ որոնցմով աջակցութիւն կը յայտնէ Եգիպտոսի «Մահմեդական եղբայրներուն», «Համաս»-ին կամ Սուրիոյ իսլամիստներուն, կը վկայեն այդ ուժերուն հետ գաղափարական ընդհանրութիւններուն մասին»:

Զեկոյցին առաջինը ծանօթացած Գերմանիոյ ձախերը կոչ կ՛ընեն դաշնային կառավարութեան՝ գործ չունենալ «ահաբեկիչներու կնքահայր էրտողանին հետ»: Գերմանիոյ Ձախերու արտաքին յարաբերութիւններու գծով ներկայացուցիչ Սեվիմ Տաղտելէն գերմանական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտարարած է՝ «Եթէ միջազգային դաշնակցային միութեան անդամ Թուրքիան գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցէ ահաբեկչութեան գծով իր եղբայրներուն՝ իսլամիստներուն ու զինեալներուն, մենք էական խնդիրներու առջեւ կը կանգնինք»: Ան աւելցուցած է՝ «Ներքին գործերու նախարարութեան այդ զեկոյցին մէջ զարմանալի ոչինչ կայ, ըսուած է այն, ինչի մասին շուտով յայտնի էր: Պէտք էր ընդամէնը հետեւիլ միջազգային լրատուական միջոցներու հրապարակումներուն մէջ»:

Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը հրաժարած է մեկնաբանել զեկոյցը: Անգարան, իր հերթին, շատ կոշտ արձագանքած է այդ մէկուն, այն որակելով «հիւանդ երեւակայութեան արդիւնք»: «Այդ մեղադրանքներով գերմանական լրատուամիջոցը կը փորձէ վնասել Թուրքիային՝ թիրախաւորելով մեր նախագահին ու կառավարութեան»,- յայտարարած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը: Արեւմտեան լրատուամիջոցները կը փաստեն՝ Անգարայի ու Պեռլինի միջեւ յարաբերութիւններն ակնյայտօրէն սրուած են․ նախ գերմանական լրատուամիջոցներէն մէկը եթեր հեռարձակեց Էրտողանին հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ պարունակող երգիծական հաղորդում մը, ապա՝ Պունտեսթակը գրեթէ միաձայն ճանչցաւ 1915 թուականի հայերու ցեղասպանութիւնը: Անկէ ետք արդէն պաշտօնական Անգարան արգիլեց գերմանացի օրէնսդիրներու մուտքը Ինճիրլքի աւիաբազան, ուր 250 գերմանացի զինուոր կը ծառայէ:

ԳԴՀ ներքին գործերու նախարարութեան վերջին զեկոյցին մասնակի գաղտնազերծումէ ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն եւս իր հերթին Պերլինին մեղադրած է «քիւրտ ահաբեկիչներունն աջակցելու մէջ»: «Ակնյայտ է, որ այդ մեղադրանքներու ետեւը կանգնած են գերմանական քաղաքական շրջանակները, որոնք յայտնի են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իրենց երկակի չափանիշներով»,- յայտարարած է պաշտօնական Անգարան, ընդգծելով՝ «Ըլլալլով ահաբեկչութեան ցանկացած դրսեւորման դէմ անկեղծ պայքար մղող երկիր՝ Թուրքիան կ՛ակնկալէ նոյն դիրքորոշումը նաեւ իր գործընկերներէն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment