Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած կամ Կալանաւորուած է 47 Անձ

Ձերբակալուած կամ Կալանաւորուած է 47 Անձ

by MassisPost

Ըստ Հայաստանի «Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան» «Սասնայ Ծռեր» զինեալ խմբակի գործով կալանաւորուած է 47 անձ: Այս մասին կը նշուի ԱԱԾ-ի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ 47 ձերբակալեալներէն 24-ին դէմ մեղադրանք առաջադրուած է:

Մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ ընդդիմադիր գործիչներ՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանին եւ «Նոր Հայաստան» շարժման անդամ Անդրէաս Ղուկասեանին դէմ: Մարտիրոսեանին դէմ կրնայ լայծաւալ անկարկութիւններ հրահրելու մեղադրանքով կալանաւաորման հրամանագիր հրապարկուի: Այս մասին նոյնպէս յայտնած է Մարտիրոսեանի իրաւապաշտպան Գիվի Յովհաննիսեան: Նոյնը կարելի է ըսել Ղուկասեանին մասին, որ երկու օրէ ի վեր կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ: Ընդդիմութեան մօտիկ կանգնող աղբիպւրներ յայտնած են, որ Ղուկասեան ծանր վնասներու ենթարկուած է եւ անոր անհրաժեշտ է շտապ բուժօգնութիւն: Ղուկասեան, Մարտիրոսեանի նման, կրնայ մեղադրուիլ լայնածաւալ անկարգութիւններ հրահրելու մեղադրանքով: Ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի նաեւ ընդդիմադիր Եղիշէ Պետրոսեանը: Ան փոխադրուած է «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն եւ կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ: Ըստ Tert.am կայքին Պետրոսեան կը գտնուի նախակաթուածային վիճակի մը մէջ:

«Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամ եւ նախկին ազատամարտիկ Պաւէլ Մանուկեան, որ յայտնի է «Ապարանցի Պաւլիկ» անունով դատարանի որոշումով կալանաւորուած է: Նախնական տնօրինմամբ Պաւլիկ կալանաւորուած պիտի մնայ երկու ամսով: Մանուկեանի շահերու պաշտպան Ինեսա Պետրոսեան տեղեկացուցած է, որ իր պաշտպանեալին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 219­-րդ յօդուածի 3­րդ կէտով եւ 235-­րդ յօդուածի 3-­րդ մասով եւ այդ յօդուածներու հիմքով Պաւլիկ կրնայ բանտարկութեան պատիժ ստանալ 6­-12 տարի ժամանակահատուածով:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Երեւանի մէջ ստեղծուած է «Սասնայ Ծռեր» ու պաշտպանութեան իրաւպաշտպաններու յատուկ խումբ: Իրաւապաշտպանները յայտնած են, թէ իրենք «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց իրաւունքները պիտի պաշտպանեն առանց նիւթական դրամական հատուցման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment