Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեծածաւալ Ձերբակալումներ Հայաստանի Մէջ. Բերման Ենթարկուած է Յայտնի Դերասանուհի Արսինէ Խանճեան

Մեծածաւալ Ձերբակալումներ Հայաստանի Մէջ. Բերման Ենթարկուած է Յայտնի Դերասանուհի Արսինէ Խանճեան

by MassisPost

Ըստ «Ազատութիւն»  ռատիօկայանին այսօր Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ ոստիկանութիւնը  բերման ենթարկած է հարիւրաւոր  քաղաքացիներ: Աղբիւրը նաեւ  նկատել  կուտայ, որ  բերման ենթարկուածներու թիւը կարելի չէ ճշդել եւ այն կրնայ հասնիլ հարիւրներու: Կը հաղորդուի  նաեւ, որ բերման ենթարկուած է  նաեւ նախկին Լիբանանահայ այժմ  գանատաբնակ  դերասանուհի՝ Արսինէ Խանճեան (կինը բեմադրիչ՝ Ատոմ Էկոյեանին), ինչպէս նաեւ տասնեակ սփիւռքահայեր,  որ այս օրերուն   կը գտնուին  Երեւան  եւ  մասնակից եղած են բողոքի հաւաքներուն:

Միւս կողմէ ընդդիմութեան կողմէ կազմուած  «Հակաճգնաժամային խորհուրդ»ը   յայտնած է, որ յայտնի պատճառներով  բողոքի այսօրուան հաւաքը փոխադրուած է «Ազատութիւն» հրապարակ:

ՊՊԾ  Կեդրոնէն ներս  կան  այլ վիրաւորներ. Բժիշկներու    պատանդառման մասին հակասական տեղեկութիւններ

Էրէբունիի ՊՊԾ  կեդրոնէն ներս  երէկ ուշ  երեկոյեան եղած  փոխ- հրաձգութիւնէն ետք հիւանդանոց փոխադրուած     վիրաւորներէն բացի կան այլ վիրաւորներ:  Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ յայտնած  են, որ խումբ մը բժիշկներ ընդառաջելով  «Սասնայ ծռեր» տղոց կոչերուն վիրաւորները բուժելու նպատակով մուտք  գործած են ՊՊԾ կեդրոն: Ըստ ոստիկանութեան բանբեր  Աշոտ Ահարոնեանի կեդրոն մտած  բժիշկները եւ անոնց օգնականները  պատանդ առնուած են   «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց կողմէ:

Մինչ Հայաստանի բժշկական  հասարակութիւնը դատապարտած է դէպքը, անդին կը հաղորդուի, որ երէկ ուշ  գիշերին եղած միջադէպին հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 14-ի,  որոնց  6-ը «Սասնայ ծռեր»  խումբի անդամներ են: Նշենք, որ    երէկ վիրավորում ստացած Պաւլիկ  Արամ  Մանուկեաններու իրավիճակը կը շարունէ մնալ ծանր: Անոնք  վիրաբուժութեան ենթարկուած  են  եւ մինչ  Արամ Մանուկեանի տրուած արհեստական շնչառութիւնը դադրեցուած է կը հաղորդուի, որ Պաւլիկ Մանուկեան տակաւին երկար ժամանակով արհեստական շնչառութիւն պիտի ստանայ:

Նշենք, որ  եղած միջադէպէն ետք    «Սասնայ ծռեր»  խումբի 31 զինեալներէն 24 կը շարունակեն մնալ  ՊՊԾ կեդրոնէն ներս:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment