Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Փակած են Պոլսահայ Բժիշկ Արէթ Քամարի Առողջապահական Կեդրոնը

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Փակած են Պոլսահայ Բժիշկ Արէթ Քամարի Առողջապահական Կեդրոնը

by MassisPost

Թուրքիոյ իշխանութիւնները փակածեն Պոլսոյ Թաքսիմ  շրջանին մէջ գտնուող կանանց առողջութեան եւ արհեստական բեղմանւորման կեդրոնը, որուն  61,5% բաժնեմասը կը պատկանի հայ բժիշկ Արեթ Քամարին,  որ նոյնպէս  կը համարուի   այդ կեդրոնին հիմնադիրը:

Արեթ Քամար ըսած է թէ ինք քրիստոնեայ  հայ է եւ ոեւէ առնչութիւն չունի Ֆեթուլլահ Կիւլէնի եւ  անոր  շարժման հետ: Ան ըսած է, քանի որ կեդրոնը  փակուած  է նախարարներու խուրհուրդին որոշումով իրենք բողոքարկելու եւ փաստաբանի միջոցով խնդիրը լուծելու հնարաւորութիւն չունին: Միայն անվտանգութեան ծառայութենէն առնուած մեկ տեղեկութիւնով կեդրոնին  փակուիլը պատմող Արեթ Քամար  ըսած է նաեւ, որ կեդրոնին  մէջ եղած իրերը, բժշկական գործիքները, ամեն բան թալանուած է եւ նոյնիսկ քասային մէջ եղած գումարը վերցուած:

Արեթ Քամար նմանութիւն կը տեսնէ 1955 թուականի 6-7  «սեւ  սեպտեմբեր»ի    եւ    այս օրերուն կատարուող  դէպքերուն միջեւ: «Առանց դատ եւ դատաստանի մէկ գիշերուայ  մէջ անհիմն կերպով գոցեցին մեր կեդրոնը» ըսած է ան:

«Կեդրոնը օրական 200 հիւանդ կ’ընդունէր 40 հազար հիւանդներու  բոլոր  արխիւները կորսուած են»  ամփոփած է  Արեթ Քամար:

Յիշեցնենք, որ Արտակարգ դրութեան յայտարարումէն ետք  Թուրքիոյ   տարածքին   փակուած են  3 համալսարան, 149 դպրոց, 150 կազմակերպութիւն, 15 հիմնադրամ եւ 4 առողջական  կեդրոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment