Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած է Անգարայի մէջ Հոլանտայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էրիք Ուեսթսթրադէն, որպէսզի իր դժգոհութիւնը յայտնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ այդ երկրի խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուելիք երկու օրինագիծերուն համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Համի Աքսոյը պնդած է, որ այդ օրինագիծերը, որոնք քննարկման պիտի դրուին խորհրդարանին մէջ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, պատրաստուած են Հոլանտայի հայամէտ քաղաքական գործիչներու կողմէ:
Անոր խօսքերով` Թուրքիոյ որդեգրած դիրքորոշումը 1915-ի վերաբերեալ կը հիմնուի «պատմական իրականութեան եւ իրաւական չափանիշներու վրայ»:
«1915-ը Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի համար զգայուն հարց է: Եւ վերջինիս վերանայումը, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքականացումը հնարաւոր չէ, մանաւանդ, որ անիկա կապ չունի պատմութեան եւ իրաւունքի հետ: Կոչ կ՝ընենք հոլանտացի քաղաքական գործիչներուն՝ վերանայելու Թուրքիոյ վերաբերեալ իրենց կողմնակալ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ չքաղաքականացնելու պատմութիւնը»,- ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:
Վերջինս կոչ ըրած է Հոլանտային՝ աջակցելու Թուրքիոյ կողմէ 2005-ին ներկայացուած առաջարկին. ստեղծել պատմաբաններու եւ փորձագէտներու յանձնաժողով` 1915-ին տեղի ունեցած դէպքերը ուսումնասիրելու համար: