Օգոստոսին Ափրիկեան երկիրներէն Քէնայի մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ, որոնց աւարտին այժմու նախագահ Ուհուրու Քէնյաթա յայտարարուեցաւ վերընտրուած: Սակայն, ժողովուրդի ստուար մէկ մասը մերժեց ընդունիլ քուէարկութեան արդիւնքը: Տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, զոհուեցան մարդիկ, իսկ պարտուած թեկնածուն դիմեց երկրի Սահմանադրական Դատարան` արդարութեան պահանջով:
Այս իրադարձութիւնները նմանութիւն ունին Հայաստանի մէջ վերջին քսան տարիներուն տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն ու անոնց յաջորդող իրադարձութիւններուն հետ: Դժբախտաբար սակայն, երկու երկիրներու նմանութիւնը կ’աւարտի այստեղ: Անցեալ շաբաթ, Քէնիայի Սահմանադրական Դատարանը, նկատի առնելով քուէարկութեան ու անոր յաջորդող ձայներու հաշուարկի ընթացքին արձանագրուած խախտումները, քուէարկութիւնը հռչակեց անվաւեր` պարտաւորեցնելով երկու ամսուայ ընթացքին նոր ընտրութիւններ կազմակերպել:
Մինչեւ օրս նման խիզախութիւն պակսած է Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանին մօտ: Այդ մարմինը ոչ միայն քաջութիւնը չունեցաւ իշխանութիւններէն անկախ որոշումներ կայացնելու, այլ սիրայօժար դարձաւ անոր մէկ մասնիկը, կորսնցնելով նաեւ իր Հեղինակութիւնը:
Իրարյաջորդ ընտրութիւններ տեղի ունեցան «աչք ծակող » խախտումներով, ժողովուրդը հազարներով իջաւ փողոց, կատարուեցան սպանութիւններ, սակայն Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը մնաց անդրդուելի` մերժելով ներկայացուած բոլոր բողոքները ու անոնց կցուած փաստարկները:
Հայաստանի զարգացումը կասեցնող ազդակներէն մի է նաեւ արդար դատարաններու բացակայութիւնը, որու գլխուն կանգնած է բարձրագոյն դատական մարմինը: Կը մաղթենք որ, օրին մէկը Հայաստան եւս կ’օժտուի Քէնիայի նման Սահմանադրական Դատարանով մը, որ ունակութիւնը կ’ունենայ արդար եւ խիզախ որոշումներ կայացնելու:
«ՄԱՍԻՍ»