Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քէնիա Եւ Հայաստան

Քէնիա Եւ Հայաստան

by MassisPost

Օգոստոսին Ափրիկեան երկիրներէն Քէնայի մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ, որոնց աւարտին այժմու նախագահ Ուհուրու Քէնյաթա յայտարարուեցաւ վերընտրուած: Սակայն,  ժողովուրդի ստուար մէկ մասը մերժեց ընդունիլ քուէարկութեան արդիւնքը: Տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, զոհուեցան մարդիկ, իսկ պարտուած թեկնածուն դիմեց  երկրի Սահմանադրական Դատարան` արդարութեան պահանջով:

Այս իրադարձութիւնները նմանութիւն ունին Հայաստանի մէջ վերջին քսան տարիներուն տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն  ու անոնց յաջորդող  իրադարձութիւններուն հետ: Դժբախտաբար սակայն, երկու երկիրներու նմանութիւնը կ’աւարտի այստեղ: Անցեալ շաբաթ, Քէնիայի Սահմանադրական Դատարանը, նկատի առնելով քուէարկութեան ու անոր յաջորդող ձայներու հաշուարկի ընթացքին արձանագրուած խախտումները,  քուէարկութիւնը  հռչակեց  անվաւեր` պարտաւորեցնելով երկու ամսուայ ընթացքին նոր ընտրութիւններ կազմակերպել:

Մինչեւ օրս նման  խիզախութիւն  պակսած է Հայաստանի  Սահմանադրական Դատարանին մօտ:  Այդ մարմինը ոչ միայն քաջութիւնը չունեցաւ իշխանութիւններէն անկախ որոշումներ կայացնելու, այլ սիրայօժար դարձաւ անոր մէկ մասնիկը, կորսնցնելով նաեւ իր Հեղինակութիւնը:

Իրարյաջորդ ընտրութիւններ տեղի ունեցան  «աչք  ծակող » խախտումներով, ժողովուրդը հազարներով իջաւ  փողոց, կատարուեցան սպանութիւններ, սակայն Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը մնաց անդրդուելի` մերժելով ներկայացուած բոլոր բողոքները ու անոնց կցուած փաստարկները:

Հայաստանի զարգացումը կասեցնող ազդակներէն մի է նաեւ արդար  դատարաններու բացակայութիւնը, որու գլխուն կանգնած է բարձրագոյն դատական մարմինը:  Կը մաղթենք որ, օրին մէկը Հայաստան եւս  կ’օժտուի Քէնիայի նման Սահմանադրական Դատարանով մը, որ ունակութիւնը  կ’ունենայ  արդար եւ խիզախ որոշումներ կայացնելու:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment