Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Տապլինի Միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկ:
Վարչապետը դիմաւորած է հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Մարք Ռետմոնտ: Նախ ՀՀ վարչապետին եւ հիմնարկի ղեկավարութեան, իտլանտացի փորձագէտներուի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է աշխատանքային նախաճաշ, այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է քննարկման ու հարցուպատասխանի ձեւաչափով:
Վարչապետ Փաշինեան, մասնաւորապէս, անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ այլ թեմաներու:
Վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է ներկաները հետաքրքրող այլ հարցումներու եւս:


