Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անշարժ Գոյքի Եւ Կառուցապատման Ոլորտը Հայաստանի Տնտեսութեան Կարեւոր Ուղղութիւններէն Է. Պապոյեան

Անշարժ Գոյքի Եւ Կառուցապատման Ոլորտը Հայաստանի Տնտեսութեան Կարեւոր Ուղղութիւններէն Է. Պապոյեան

by MassisPost

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Նոյեմբեր 13-ին մասնակցած է անշարժ գոյքի եւ կառուցապատման ոլորտի ամենամեծ եւ մասշտաբային՝ TOON EXPO 2026 ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։

Այս տարի ցուցահանդէսին կը մասնակցի աւելի քան 100 ընկերութիւն՝ ներկայացնելով անշարժ գոյքի եւ ներդրումային նախագիծեր աշխարհի աւելի քան 10 երկրէ։ Մինչեւ ցուցահանդէսի մեկնարկը արդէն գրանցուած էր աւելի քան 45 հազար այցելու՝ աշխարհի աւելի քան 30 երկրէ։

Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են ոլորտի հիմնական ուղղութիւնները՝ կառուցապատում, անշարժ գոյք, բանկային համակարգ, ներդրումային գոյք՝ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, անշարժ գոյքի կառավարում, ճարտարապետութիւն եւ նախագծում, գնահատում եւ չափագրում, ինչպէս նաեւ արեւային ուժանիւթի մատակարարում։

«Անշարժ գոյքի եւ կառուցապատման ոլորտը Հայաստանի տնտեսութեան կարեւոր ուղղութիւններից է։ Դրա զարգացումն ունի բազմաշերտ տնտեսական ազդեցութիւն՝ խթանելով շինարարութիւնը, շինանիւթերի արտադրութիւնը, ճարտարապետական ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ յարակից ոլորտներ։ Միեւնոյն ժամանակ, նման հարթակները կարեւոր նշանակութիւն ունեն միջազգային ներդրումների ներգրաւման, գործարար կապերի ընդլայնման եւ Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւնների ներկայացման տեսանկիւնից»,- նշած է Գէորգ Պապոյեան։

Այնուհետեւ նախարարը շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներով եւ ծանօթացած է ներկայացուած արտադրանքին։

2022 թուականէն իվեր TOON EXPO ցուցահանդէսներու շրջանակին մէջ գրանցուած է աւելի քան 140 հազար այցելու, ներկայացուած են աւելի քան 15 միջազգային ուղղութիւնների նախագիծեր, վաճառուած է աւելի քան 9500 անշարժ գոյք, իսկ իրականացուած գործարքներու ընդհանուր ծաւալը գերազանցած է 1 միլիառ տոլարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment