Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Տապլինի մէջ Կը Մասնակցի ԵՔՀ Գագաթաժողովին

Վարչապետ Փաշինեան Տապլինի մէջ Կը Մասնակցի ԵՔՀ Գագաթաժողովին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տապլինի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի 9-րդ գագաթաժողովին:

Միջոցառման մասնակից երկիրներու առաջնորդները նիստէն առաջ դիմաւորած է Իրլանտայի վարչապետ Միխոլ Մարթինը:

Այնուհետեւ մեկնարկած է գագաթաժողովի լիագումար նիստը, որուն յաջորդած է երկիրներու ղեկավարներու համատեղ տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ կը մասնակցի նաեւ փակ ձեւաչափով տեղի ունեցող կլոր-սեղան քննարկումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment