Շատ դրական հանդիպում ունեցանք Էրտողանի հետ. անհամբեր կը սպասենք մեր յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Անթալիոյ մէջ թրքական «TRT World»-ի լրագրողի հարցումին ի պատասխան՝ այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Այսօր մենք շատ դրական հանդիպում ունեցանք նախագահ Էրտողանի հետ, եւ մենք շատ դրական երկխօսութիւն ունենք ու անհամբեր սպասում ենք մեր յարաբերութիւնների հետագայ զարգացմանը»,- ըսած է վարչապետը՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ր փուլի մէջ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
Իսկ այն հարցումին, թէ արդեօք տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ծիրին մէջ կ’արժեւորէ երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը, Փաշինեան պատասխանած է. «Այո՛, ի հարկէ։ Այժմ մենք պէտք է վերանորոգենք եւ բացենք մեր երկրների միջեւ երկաթուղին, եւ մենք աշխատում ենք այդ ուղղութեամբ»։

