Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Պէտք Է Հեռացուի ՀԱՊԿ-էն. Պորտիւժա

Հայաստանը Պէտք Է Հեռացուի ՀԱՊԿ-էն. Պորտիւժա

by MassisPost

«Հայաստանը պէտք է հեռացուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), քանի որ չի մասնակցիր անոր աշխատանքներուն, սակայն բոլոր որոշումները պէտք է համաձայնեցուին անոր հետ»:

Այս մասին ըսած է ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա։

Ներկայիս ՀԱՊԿ-ի կազմին մէջ են Ռուսաստանը, Պելառուսիան, Ղազախստանը, Ղրղզստանը եւ Տաճիկստանը։

Հայաստանը յայտարարած է իր անդամակցութեան «սառեցման» մասին 2024 թուականին, չնայած այդ նախատեսուած չէ կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ։ Երեւանը նաեւ դադրեցուցած է անդամավճարներու վճարումը։

«Եթէ անոնք կասեցնեն իրենց մասնակցութիւնը, բայց չհեռանան, կը մնան ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամներ։ Եթէ անոնք ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամներ են, ապա բոլոր որոշումները պէտք է կայացուին՝ հաշուի առնելով անոնց դիրքորոշումները, իսկ ՀԱՊԿ-ի որոշումները կը կայացուին համախոհութեան միջոցով։ Եւ այս իրավիճակը այսօր էապէս կը հակասէ ՀԱՊԿ-ի մէջ տեղի ունեցողին»,- բացատրած է Պորտիւժա։

Անոր կարծիքով՝ Երեւանի համար ճիշդ գործողութիւններու ընթացքը պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-էն ամբողջութեամբ դուրս գալը, իսկ եթէ այդ չընէ, ապա ընդհանրապէս պէտք է Հայաստանը հեռացնել ՀԱՊԿ-էն։

«Ես կը հեռացնէի զանոնք․ անոնք չեն վճարեր իրենց անդամավճարները, չեն մասնակցիր աշխատանքներուն։ Իսկապէս անոնք պարզապէս պէտք է հեռանան, եթէ լուրջ գործընկերներ են։ Բայց քանի որ անոնք ունին երկիմաստ դիրքորոշում, զանոնք պէտք է հեռացնել»,- կը կարծէ Պորտիւժա։

Աւելի վաղ, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Թաալաթբեկ Մասատիքով յայտնած էր, որ Հայաստանի հեռացման հարցը կրնայ բարձրացուիլ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի 2026 թուականի Նոյեմբեր 11-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք նիստին։ Ան գնահատած է, որ Հայաստան կը խախտէ կազմակերպութեան կանոնադրութեան 20-րդ եւ 25-րդ յօդուածները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment