Հոկտեմբեր 24-ին Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրատեսիլ 2026» երգի միջազգային մրցոյթին յաղթական հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարէն՝ իր «BOO!» երգով։
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սպանիան, իսկ երրորդը՝ Ֆրանսան։
Մրցոյթի քուէարկութեան կանոնակարգին համաձայն՝ մասնակից երկիրներու բնակիչները կրնային www.jesc.tv կայքէջին միջոցով առցանց քուէարկել նաեւ իրենց երկրի ներկայացուցչին օգտին։ Քուէարկութիւնը սկսած էր Հոկտեմբեր 24-ին, ժամը 01։59-ին, եւ աւարտած՝ նոյն օրը, մրցոյթի մեկնարկէն անմիջապէս առաջ։
Քուէարկութիւնը վերսկսաւ ուղղակի սփռումի ընթացքին՝ բոլոր ելոյթներու աւարտէն ետք, եւ տեւեց 15 վայրկեան։ Հեռուստադիտողներու քուէները վերածուեցան միաւորներու՝ կազմելով մրցոյթի վերջնական արդիւնքին մէկ մասը, իսկ միւս մասը որոշուեցաւ դատական կազմի գնահատականներուն հիման վրայ։
Դատական կազմի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստան ստացաւ 12-ական միաւոր Կիպրոսէն եւ Ալպանիայէն, 10-ական միաւոր՝ Նետերլանտներէն եւ Սան Մարինոյէն, 8-ական միաւոր՝ Ֆրանսայէն, Մալթայէն եւ Ուքրանիայէն, 7 միաւոր՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայէն, 6-ական միաւոր՝ Լեհաստանէն, Իտալիայէն եւ Սպանիայէն, 5 միաւոր՝ Վրաստանէն, 3 միաւոր՝ Փորթուգալէն եւ 2 միաւոր՝ Իրլանտայէն։
Դատական կազմի քուէարկութեան արդիւնքով Նարէն հաւաքեց 103 միաւոր, իսկ հեռուստադիտողներու քուէարկութեամբ՝ 99 միաւոր։ Այսպիսով, ընդհանուր 202 միաւորով Հայաստանի ներկայացուցիչը հռչակուեցաւ մրցոյթի յաղթող։
Հայաստան իր 12 միաւորը շնորհեց Կիպրոսի ներկայացուցչին։
Մրցոյթը ուղղակի սփռուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլէն։ Սփռումը մեկնաբանեցին Հրաչուհի Ութմազեանն ու Համլետ Առաքելեանը։
Նարէի «BOO!» երգին հեղինակներն են Լիլիթ Նաւասարդեանն ու Գրիգոր Կէօքչեանը, իսկ տեսահոլովակի բեմադրիչը՝ Արթուն Մանուկեանը։
Հայաստանի ներկայացուցչին մրցութային ելոյքը աչքի զարկաւ իր վառ գոյներով, ինքնատիպ բեմայարդարանքով եւ աննախադէպ բեմական զարդարանքներով։


