Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յայտարարութիւն Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան

Յայտարարութիւն Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան

by MassisPost

Կը յայտնենք, որ ընկերային ցանցերու մէջ տարածուող այն հրապարակումները, ըստ որոնց՝ իբր «Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը քաղաքացիները կը հրաւիրէ ընդունելութեան՝ առանց նախապէս ժամադրութիւն ապահովելու, զանոնք ԱՄՆ-ի ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութիւններուն յանձնելու նպատակով», կեղծ են եւ բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան։

Հիւպատոսութեան կարեւորագոյն գործառոյթներէն մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու իրաւունքներուն եւ օրինական շահերուն պաշտպանութիւնն է։

Կոչ կ՚ուղղենք զերծ մնալու ապատեղեկատուութեան տարածումէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment