Անքարայի մէջ բողոքի հաւաք տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ կապուած ատրպէյճանական դպրոցներուն մէջ հիճապ կրելու արգելքին հետ։
Բողոքի հաւաքին մասնակիցները ընդգծած են, որ գլխաշոր կրելը կրօնական պահանջ է, եւ կոչ ըրած են դադրեցնելու այդ կիրառոյթը։ Անոնք յայտարարած են, որ աշակերտներու՝ գլխաշոր կրելու իրաւունքները պէտք չէ սահմանափակուին, ինչպէս նաեւ սուր քննադատութեան ենթարկած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։ Ատրպէյճանի հասցէին մեղադրանքներ հնչած են նաեւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն առնչութեամբ։
Աւելի վաղ նմանատիպ միջոցառում տեղի ունեցած է Սթամպուլի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան առջեւ։

