Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Հաւատք Եւ Ինքնութիւն» Խորագիրով Ցուցահանդէսը Բացուած Է Նիկոսիոյ Մէջ

«Հաւատք Եւ Ինքնութիւն» Խորագիրով Ցուցահանդէսը Բացուած Է Նիկոսիոյ Մէջ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 9-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ պաշտօնապէս բացուած է «Հաւատք եւ ինքնութիւն․ մասունքներ Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն» խորագիրով ցուցահանդէսը։ Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Մակարիոս Գ. արքեպիսկոպոսի հիմնադրամի Բիւզանդական թանգարանին մէջ։

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ՝ Բիւզանդական թանգարանին կողմէ, Հայաստանի պատմութեան թանգարանին եւ Կիպրոսի Հայոց առաջնորդարանին հետ համագործակցաբար։

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած եւ ելոյթներ ունեցած են Նոր Յուստինիանայի եւ համայն Կիպրոսի արքեպիսկոպոս Գէորգիոսը, Կիպրոսի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխնախարար Կլէա Հաճիսթեֆանու Փափաէլինան, Կիպրոսի Հայոց եկեղեցւոյ կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը, Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, Մակարիոս Գ. արքեպիսկոպոսի հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Քրիստոս Քուքլիոթիսը, Բիւզանդական թանգարանի տնօրէն Իոաննիս Էլիատիսը եւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանը։

Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ Կիպրոսի պետական կառոյցներու եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, դեսպաններ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ, հոգեւորականներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հովանաւորներ եւ այլ պատուոյ հիւրեր։

Իր ելոյթին մէջ ՀՀ դեսպան Իննա Թորգոմեան ընդգծած է, որ ցուցահանդէսը պատմական արժէքներու պարզ ներկայացում մը չէ, այլ երկու հնագոյն քրիստոնէական մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Կիպրոսի դարաւոր բարեկամութեան խորհրդանիշ։

Դեսպանը կարեւորած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն ընտրուած բացառիկ ցուցանմուշներու եւ Կիպրոսի մէջ պահպանուած հայկական մշակութային ժառանգութեան արժէքաւոր նմուշներու համատեղ ներկայացումը։ Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն բերուած ցուցանմուշները կ՚արտացոլացնեն հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային պատմութեան եւ աւանդութիւններու տարբեր հանգրուանները, մինչ Կիպրոսի Հայոց առաջնորդարանին տրամադրած նմուշները կը վկայեն կղզիին մէջ պահպանուած հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութեան մասին։

Դեսպան Թորգոմեան իր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնած է բոլոր հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնց նուիրուածութեան ու համագործակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է իրականացնել ցուցահանդէսը։

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է CDA Group, Arsen Theofanidis LLC եւ VISA Concord ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսին հովանաւորութեամբ։

«Հաւատք եւ ինքնութիւն․ մասունքներ Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն» ցուցահանդէսը Նիկոսիոյ Մակարիոս Գ. արքեպիսկոպոսի հիմնադրամի Բիւզանդական թանգարանին մէջ բաց պիտի մնայ վեց ամիս՝ մինչեւ 9 Ապրիլ 2027։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment