«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան լրագրողներու հետ զրոյցին շարունակած է պնդել, թէ իրենք պիտի գան իշխանութեան։
«Բոլոր դէպքերում գալու ենք իշխանութեան»,- վստահեցուցած է Կարապետեան։
Լրագրողի ճշդող հարցումին՝ 2031-ի՞ն, Կարապետեան ըսած է՝ ո՛չ։
«Շատ շուտ։ Իշխանութեան գալու օրինական տարբեր ձեւեր կան։ Մի հատ ճանապարհային քարտէզ ենք գծելու ու գանք իշխանութեան։ Գաղտնի ծրագիրը այդ ձեւերից մէկն է։ Այդ ճանապարհային քարտէզներից մէկը գաղտնի ծրագրով է արւում, ամէն օր պայքարով գնում ենք առաջ»,- ըսած է Կարապետեան։
Ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանն կրկին յայտարարեց՝ «պիտի համախմբենք ընդդիմադիր շատ ուժեր»՝ նշելով, որ երկու շաբաթէն պիտի ներկայացնեն «Խաղաղութիւն՝ առանց զիջումներու» ծրագիրը:
Թէ ո՞ր ուժերի մասին է խօսքը Կարապետեան չմանրամասնեց, միայն նշեց. «Համախմբելու ենք ճիշդ ուժերի, ովքեր իրօք ընդդիմադիր են»:
«Ես նոյնիսկ դիմելու եմ, որ ՔՊ-ականները միանան մեզ, քանի որ իրենք էլ դարձել են Փաշինեանի կամակատարները, այնտեղ էլ կան արժէքաւոր մարդիկ, որ իրաւունք չունեն մնալ Փաշինեանի կամակատարներ»,- լրագրողներու հետ ճեպազրույցին ըսաւ ան:
Իսկ թէ ի՞նչ սկզբունքներ իր մէջ կը ներառէ «Խաղաղութիւն՝ առանց զիջումներու» ծրագիրը, եւ ի՞նչ այլընտրանքներ կ’առաջարկեն, Սամուէլ Կարապետեան չներկայացուց:
Գործարար Կարապետեանը Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն 10 օր անց յայտարարած էր ընդդիմադիրները համախմբելու իր նախաձեռնութեան մասին։ Օգոստոսի սկիզբը արդէն վստահեցուց, որ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ պայքարի օրակարգով ընդդիմադիր ուժերու համախմբման քննարկումները սկսած են: Այս քննարկումներէն, սակայն, հանրութեան, մանրամասնութիւններ յայտնի չեն դարձած:
Գործարարը անցեալ ամիս ալ պնդած էր, թէ ընդդիմադիրներու շրջանակին մէջ իր նախաձեռնած միաւորումը «շատ արագ յառաջ կ’երթայ»:

