Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեան իրատեսական եւ բազմաբեւեռ կը համարէ Հայաստանի ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը։
Իր տեսակէտին մասին Համբիկ Սարաֆեան բարձրաձայնեց «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին՝ անդրադառնալով նաեւ հարցերու լայն շրջանակի, որոնք այսօր կարեւոր տեղ ունին ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ։
«Այն, ինչ այսօր անում է ՀՀ քաղաքական ղեկավարութիւնը, միանգամայն ճիշդ, գործնական քաղաքականութիւն է, որը նաեւ բազմաբեւեռ է։ Այլ կերպ չենք պատկերացնում, թէ նման իրավիճակում ինչպէս կարող են լուծուել խնդիրներն ու ինչպէս կարող ենք հասնել մեր նպատակների իրականացմանը։ Դրական ենք գնահատում միջազգային հանրութեան մեծացող հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, հիմա ունենք այն միջոցները, որոնք առկայ չէին նախկինում։ Միջազգային ընտանիքի կողմից նախկինում Հայաստանի հանդէպ պատշաճ տնտեսական հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերուել, յուսադրող է յատկապէս ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական երկրների հետ յարաբերութիւնների շարունակական զարգացումը»,- նշեց Սարաֆեան։
Ան հաւաստիացուց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանը հաւասարապէս՝ ե՛ւ հանրապետականներու, ե՛ւ դեմոկրատներու կողմէ կ’ընդունուի որպէս բարեկամ երկիր։ Սարաֆեանի բնորոշմամբ՝ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի իշխանավարման ընթացքին երկկողմ յարաբերութիւնները մեծապէս եւ շահեկանօրէն փոխուած են։
«Տարածաշրջանում խաղաղութեան,, եւ մանաւանդ տնտեսական հնարաւորութիւնների առումով յառաջընթացը զգալի է։ «խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան հանդէպ Թրամփի շահագրգռուածութիւնն ակնյայտ է՝ գիտակցելով որ խաղաղութիւնը բխում է տարածաշրջանի երկրների եւ միջազգային գործընկեր պետութիւնների շահերից։ TRIPP-ի հետ, անշուշտ, կապուած են մեծ յոյսեր։ Ուրախալի է, որ արդէն կատարուել են յստակ քայլեր եւ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները չեն մնացել թղթի վրայ։ TRIPP-ը նաեւ մեր անվտանգութեան երաշխիքն է»,- ըսաւ Սարաֆեան։
Հաշուի առնելով սկզբունքները, որոնց վրայ խարսխուած է ներկայիս միջազգային քաղաքականութիւնը, անվտանգութեան մեծագոյն երաշխիքը, Սարաֆեան կը նկատէ՝ Հայաստանը կրնայ զարգացնել ռազմավարական փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ շարք մը երկիրներու հետ։
«Նախեւառաջ, պէտք է ընդհանուր լեզու գտնենք մեր անմիջական հարեւանների հետ, ինչպիսին էլ, որ լինեն փոխյարաբերութիւնները նրանց հետ, միւս կողմից էլ հանդէս գանք նախաձեռնողական քաղաքականութեամբ, քանզի միայն այդ կերպ գործընկերներին կը հասկացնենք, որ դրանից է բխում երկկողմ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը։ Այսօր մեր հայրենիքը վերելքի մէջ է։ Հայաստանում, ինչպէս բոլոր երկրներում, կան շատ խնդիրներ, բայց մեր հայրենիքը միանշանակ վերելքի ճանապարհին է։ Մենք ոգեւորուած ենք Հայաստանով, յոյս ունենք, որ կու գայ մի օր, երբ տեղի կ’ունենայ մեծ ներգաղթ, չեն լինի այլեւս մտահոգութիւններ այն մասին, որ սփիւռքահայերը կարող են ուծացուել՝ կորցնելով իրենց ինքնութիւնը»,- ըսաւ Սարաֆեան։
Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ օրեր առաջ կայացած ՍԴՀԿ 23-րդ համագումարի աշխատանքներուն, այն կարեւոր հարցերուն ու բանաձեւերուն, որոնք դարձած էին քննարկման առարկայ վերոյիշեալ համագումարին ընթացքին։
<center?

