Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Պատրաստ Է Վճարելու Կազի Համար Շուկայական, Ոչ Թէ Քաղաքական Գին. Ելեւմուտքի Նախարար

Հայաստանը Պատրաստ Է Վճարելու Կազի Համար Շուկայական, Ոչ Թէ Քաղաքական Գին. Ելեւմուտքի Նախարար

by MassisPost

Հայաստանը պատրաստ է անցնելու ռուսական կազի շուկայական գնագոյացման, քանի որ աժան ուժանիւթակիրներու դիմաց տրուող միջպետական օժանդակութիւնները վերջիվերջոյ կը յանգեցնեն երկրին կողմէ քաղաքական եւ տնտեսական գինի վճարման: «Սիվիլնեթ բիզնեսի» տաղաւարին մէջ այս մասին յայտնեց ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը՝ ընդգծելով, որ ռուսական կազի հնարաւոր թանկացման պարագային Հայաստանը պէտք է առաջնորդուի «հասուն պետութեան բնորոշ տնտեսական վարքագիծով»։

Այս տարուայ Յունիսին Հայաստանի հետ խորացող քաղաքական հակասութիւններու լոյսին տակ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն նամակ փոխանցած է պաշտօնական Երեւանին։ Անոր մէջ կը նշուէր, որ Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացը
շարունակելու պարագային Մոսկուան միակողմանիօրէն պիտի կասեցնէ կամ չեղարկէ 2013-ին կնքուած կազի, քարիւղի եւ բնական ալմաստներու մատակարարման համաձայնագիրը։ Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանը պատրա՞ստ է կազի շուկայական սակագինի, եթէ Ռուսաստանը որոշէ անցնիլ անոր, ելեւմուտքի նախարարը նշեց. «Կարծում եմ, մենք կը վճարենք ցանկացած գին, որը շուկայական ձեւով կը ձեւաւորուի»։

Միեւնոյն ժամանակ, ըստ նախարարին, այս պահուն յստակ պատասխանել հարցումին դժվար է, քանի որ յստակութիւն չկայ: «Հարցը պէտք է լինի որքան թանկացման եւ երբ թանկացման մէջ»,- պարզաբանեց ելեւմուտքի նախարարը:

Այնուամենայնիւ անդրադառնալով կազի սակագինի հնարաւոր բարձրացման խոշոր տնտեսական հետեւանքներուն՝ ելեւմուտքի նախարարը վստահեցուց, որ կառավարությունը մշակած է համապատասխան բեմագրեր եւ հաշուարկած է հնարաւոր պիւտճէի ազդեցութիւնները։ Այդ վտանգները, ըստ անոր, արտացոլուած են նաեւ 2027-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ, ուր ներառուած են վերլուծութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment