Մայիս 16-ին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին առջեւ տեղի ունեցած սկանդալի արձագանգները տակաւին կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը պատրաստ չէ լուր անցնելու նախագահ Էրտողանի թիկնապահներու արարքներուն վրայէն, երբ խաղաղ ցուցարարներ խոշտանգումի ենթարկուեցան ու արիւնլուայ վիճակներու մէջ ուղարկուեցան հիւանդանոցներ:
Յունիս 6-ին, Ներկայացուցիչներու Տունը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը` խիստ կերպով դատապարտելով այդ օրուայ իրադարձութիւնները ու պահանջելով, որ արարքներու պատասխանատուները ենթարկուին դատական հետապնդումներու, միաժամանակ պահանջելով Ամերիկեան կառավարութենէն, որպէսզի միջոցներ ձեռք առնուին ապագային կանխելու համար նման դէպքերու կրկնութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահը մեծ ակնկալիքներով ժամանած էր Ուաշինկթըն, իր առաջին` դէմ առ դէմ հանդիպումը ունենալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանոլտ Թրամփի հետ: Նոր վարչակարգի օրով, Էրտողան կը յուսար արժանանալ սիրալիր ընդունելութեան մը, որ պիտի բարձրացնէր իր դիրքն ու հեղինակութիւնը թուրք ժողովուրդի մօտ ու նաեւ միջազգային հանրութեան առջեւ:
Թուրքիոյ նախագահի Ուաշինկթըն այցելութիւնը սակայն վերածուեցաւ կատարեալ ձախողութեան: Նախ, Սպիտակ Տունէն ներս Թրամփի հետ հանդիպումը տեւեց միայն 23 վայրկեան: Մերժումի արժանացաւ Էրտողանի առաջարկը` դադրեցնելու Ամերիկեան օժանդակութիւնը Սուրիոյ մէջ գործող Քրտական զինեալներուն, որոնք կը պատրաստուին գրաւելու «իսլամական պետութեան» մայրաքաղաք Ռաքքան եւ փոխարէնը այդ գործը վստահելու թուրքիոյ համակիր ուժերուն: Նոյնքան կարճատեւ էր հանդիպումին յաջորդած միատեղ մամլոյ ասուլիսը, որ անտեսուեցաւ Ամերիկեան հեռատեսիլի ալիքներուն կողմէ: Փոխարէնը, մամուլի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Մայիս 16-ի դէպքերուն վրայ, երբ Էրտողանի աչքերուն առջեւ ու հաւանաբար իր հրամանով, Ամերիկահպատակ խաղաղ ցուցարարներ բռնութեան ենթարկուեցան իրենց իսկ երկրի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի փողոցներուն վրայ:
Գոնկրէսի այս քայլով, արժանի պատասխան տրուեցաւ թրքական կառավարութեան: Այժմ կարգը դատական մարմիններունն է, որպէսզի անցնին յաջորդ քայլերուն:
«ՄԱՍԻՍ»