Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գոնկրէսի Արժանի Պատասխանը` Էրտողանին

Գոնկրէսի Արժանի Պատասխանը` Էրտողանին

by MassisPost

Մայիս 16-ին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին  առջեւ տեղի ունեցած սկանդալի արձագանգները տակաւին կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը  պատրաստ չէ լուր  անցնելու  նախագահ Էրտողանի թիկնապահներու արարքներուն վրայէն, երբ խաղաղ ցուցարարներ խոշտանգումի ենթարկուեցան ու արիւնլուայ վիճակներու մէջ ուղարկուեցան հիւանդանոցներ:

Յունիս 6-ին, Ներկայացուցիչներու Տունը միաձայնութեամբ  վաւերացուց բանաձեւ մը` խիստ կերպով դատապարտելով այդ օրուայ իրադարձութիւնները ու պահանջելով, որ արարքներու պատասխանատուները ենթարկուին դատական հետապնդումներու, միաժամանակ պահանջելով Ամերիկեան կառավարութենէն, որպէսզի միջոցներ ձեռք առնուին ապագային կանխելու համար նման դէպքերու կրկնութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահը մեծ ակնկալիքներով ժամանած էր  Ուաշինկթըն, իր առաջին` դէմ առ դէմ հանդիպումը ունենալու  Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանոլտ Թրամփի հետ: Նոր վարչակարգի օրով, Էրտողան կը յուսար  արժանանալ սիրալիր  ընդունելութեան մը, որ պիտի բարձրացնէր իր դիրքն ու հեղինակութիւնը թուրք ժողովուրդի մօտ ու նաեւ միջազգային հանրութեան առջեւ:

Թուրքիոյ նախագահի Ուաշինկթըն այցելութիւնը սակայն վերածուեցաւ կատարեալ ձախողութեան: Նախ, Սպիտակ Տունէն ներս Թրամփի  հետ հանդիպումը տեւեց միայն 23 վայրկեան: Մերժումի արժանացաւ  Էրտողանի առաջարկը` դադրեցնելու  Ամերիկեան օժանդակութիւնը  Սուրիոյ  մէջ գործող Քրտական զինեալներուն, որոնք կը պատրաստուին գրաւելու «իսլամական պետութեան» մայրաքաղաք Ռաքքան եւ փոխարէնը այդ գործը վստահելու թուրքիոյ համակիր ուժերուն: Նոյնքան կարճատեւ էր հանդիպումին յաջորդած  միատեղ մամլոյ ասուլիսը, որ անտեսուեցաւ Ամերիկեան հեռատեսիլի ալիքներուն կողմէ: Փոխարէնը, մամուլի ուշադրութիւնը  կեդրոնացաւ  Մայիս 16-ի դէպքերուն վրայ, երբ Էրտողանի աչքերուն առջեւ ու հաւանաբար իր հրամանով, Ամերիկահպատակ  խաղաղ ցուցարարներ բռնութեան ենթարկուեցան իրենց իսկ երկրի  մայրաքաղաք Ուաշինկթընի փողոցներուն վրայ:

Գոնկրէսի այս քայլով, արժանի պատասխան տրուեցաւ թրքական կառավարութեան: Այժմ կարգը դատական մարմիններունն է, որպէսզի անցնին յաջորդ քայլերուն:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment